Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրօգուտ Շինութեանց Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստը Վերածուեցաւ Կռիւի Առիթի Մը

October 6, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

griv_parliament_10-05-15

Հանրօգուտ շինութեանց խորհրդարանական յանձնախումբի նիստը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանիի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Հաշուեքննիչ ատեանի նախագահ, դատաւոր Խալիլ Համտան:

Նիստին սկիզբը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններուն միջեւ արձանագրուեցաւ բանավէճ մը, որուն շրջագիծին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները Քապպանին մեղադրեցին ստախօսութեամբ, իր կարգին, Քապպանի զանոնք ամբաստանեց գողութեամբ:

Այս պատճառով Քապպանի անմիջապէս յայտարարեց նիստին աւարտը, ինչ որ պատճառ դարձաւ բանավէճը վերածելու կռիւի` երեսփոխաններ Զիատ Ասուատի եւ Ժամալ Ժարրահի միջեւ:

Կռիւը հակակշիռի տակ առաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար, որ երկու երեսփոխանները իրարմէ բաժնեց:

Հինգ վայրկեան տեւած նիստէն ետք Քապպանի յայտնեց, որ յաջորդ նիստէն սկսեալ ինք պիտի արտօնէ, որ յանձնախումբին նիստը պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ ուղղակի սփռուի:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն պիտի պահանջեն երեսփոխան Քապպանիէն զատ ուրիշ մէկը նշանակել յանձնախումբի նախագահ:

Միւս կողմէ, յանձնախումբի նախագահի փոփոխութեան առաջարկին պատասխանելով, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ ինք կը վստահեցնէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները բոլորէն առաջ պիտի փափաքին Քապպանին յանձնախումբի նախագահ պահել, այլապէս այլ յանձնախումբերու նախագահներ իրենց կարգին կրնան պաշտօնանկ ըլլալ:

Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ ելեկտրականութեան առումով Ժըպրան Պասիլի օրով ստորագրուած բոլոր համաձայնագիրները ապօրինի են:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահի ներկայացուցած քաղաքական կողմը կարելի է նկատել աւազակութեան գործարանը:

Իսկ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ պատահածը խիստ մերժելի է, եւ պահանջեց երեսփոխան Քապպանին զրկել հանրօգուտ շինութեանց յանձնախումբի նախագահի պաշտօնէն:

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Աղբի Տագնապի Լուծման Նիստ Եւ Հանդիպումներ

Յաջորդը

Իրանէն Հայաստան Ներմուծուող Կազի Ծաւալները Պիտի Աւելնան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.