Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Նոր Թափով Եւ Խանդավառութեամբ Սկիզբ Առաւ 2015-2016 Տարեշրջանը

October 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

S-Khatch_Veramoud1-2015-2016

Երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը իր դռները լայնօրէն բացաւ դիմաւորելու համար 2015-2016 կրթական տարեշրջանը:

Հին ու նոր աշակերտներու ներկայութեամբ կրթական նոր տարեշրջան մը սկիզբ առաւ վարժարանի շրջափակին մէջ: Խմբային աղօթքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներուն երգեցողութիւնը: Ապա խօսք առաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, նոր աշակերտներուն մաղթելով նաեւ, որ այս կրթօճախը դառնայ իրենց երկրորդ հարազատ տունը: Տնօրէնը խրախուսեց աշակերտները` ըլլալու գիտակից հայորդիներ եւ եղբայրասէր անհատներ, ինչպէս նաեւ` դառնալու տիպար օրինակներ իրենց միջավայրին մէջ եւ, ի պահանջել հարկին, ուղղելու իրենց հարազատները եւ շրջապատը:

Ռ. Պոյաճեան կոչ ուղղեց 9-րդ դասարանի աշակերտներուն չշլանալու պետական քննութիւններուն իրենց արձանագրած 100 տոկոս յաջողութեամբ, այլ այդ մէկը խթանիչ ուժի վերածելով, ամէն ջանք գործադրելու` լաւագոյն արդիւնքներ ապահովելու համար, հաւատալով, որ պայքարով կարելի է ամէն երազ իրականութեան վերածել:

Ռ. Պոյաճեան նշեց նաեւ, որ այս սերունդը տակաւին կը շարունակէ կոչուիլ 100-ամեակի սերունդ, որուն կոչումին յանձնառու պիտի մնայ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի իւրաքանչիւր աշակերտ:

S-Khatch_Veramoud2-2015-2016

Այնուհետեւ, 12-րդ դասարանի աշակերտ Սելին Տէր Փիլիպոսեան ներկայացուց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին մասնակիցները: Քրիսթինա Սրապոնեան ելոյթ ունեցաւ «Լուսաբաց» ասմունքով, իսկ Նժդեհ Պոտրումեան ազգային եւ հայրենասիրական երգերու շարքով ճոխացուց վերամուտի հանդիսութիւնը:

Աւարտին, 12-րդ դասարանի աշակերտ Յովսէփ Եուսեֆ խօսք առնելով` ըսաւ, թէ` «Ս. Խաչ-Հարպոյեանը անգամ մը եւս իր դռները բացաւ հայ մանուկը իր տաքուկ գրկին մէջ առնելու»: Ան նշեց, որ թէեւ թուրքը փորձեց մեզ բնաջնջել, բայց մենք յաղթանակած ենք, քանի որ տակաւին ունինք հայ դպրոցներ, կը խօսինք ու կ՛երգենք հայերէն:

Հայ ազգի գոյութեան ու յարատեւութեան ջահը, որ տարիներէ ի վեր աւագ սերունդներէն կը փոխանցուի նորահաս սերունդներուն, անմոռուկ ծաղիկի չորս գոյներով եւ հայուն ազատատենչ հոգին խորհրդանշող փուչիկներով դէպի երկինք սլացան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն ձեռամբ, իբրեւ երդում` Հայ դատին պաշտպան կանգնելու հայ աշակերտին  պատրաստականութեան:

Նախորդը

Մեսրոպեանի Աշակերտները Ստացան Delf Քննութիւններու Յաջողութեան Վկայականները

Յաջորդը

Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճի Վերամուտ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.