
Երէկ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցան Ասիոյ պասքեթպոլի 28-րդ ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան այն չորս խումբերը, որոնք ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Այդ չորս խումբերը հանդիսացան Չինաստանը, Իրանը, Ճափոնը եւ Ֆիլիփեան կղզիները:
Դժբախտաբար մայրիներու խումբը` Լիբանան, դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ 82-70 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆիլիփեան կղզիներէն:
Լիբանանցի մարզիկներէն Ճէյ Եանկպլատ, Ուաէլ Արաքժի եւ Ժան Ապտելնուր իրենցմէ սպասուածը չկրցան տալ, մինչ անոնց խմբակից Պասել Պաուժի բաւական տպաւորիչ մրցում մը ներկայացուց:
Այսպիսով, մրցաշարքը պիտի շարունակուի առանց արաբական երկիրներուն` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի հետ մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ Քաթար:


