Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յաղթութեան Միւռոն»-ի Օրհնութիւն` Ս. Էջմիածինի Մէջ

September 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

27 սեպտեմբերին` Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Մայր Աթոռ Ս.  Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ 21-րդ դարու երրորդ միւռոնօրհնէքը:

Միւռոնօրհնութեան սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Հայոց եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներ, թեմակալ առաջնորդներ ու թեմական պատուիրակութիւններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, ազգային բարերարներ, մշակոյթի եւ գիտութեան գործիչներ եւ  Հայաստանէն ու աշխարհասփիւռ համայնքներէ հասած ուխտաւոր հայորդիներ:

Հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին եւ համայն հայ ժողովուրդին աղօթակից էին ղպտի ուղղափառ, ասորի ուղղափառ, հնդիկ Մալապար, Ալեքսանդրիայի եւ համայն Ափրիկէի յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի պատրիարքութեան, ռուս ուղղափառ, Սերպիոյ ուղղափառ, Ռումանիոյ ուղղափառ, Կիպրոսի ուղղափառ, Չեխիոյ ուղղափառ, Ալպանիոյ ուղղափառ, Հռոմի կաթողիկէ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ, Անգլիքան, Ֆինլանտայի Լուտերական, Սան Էճիտիոյ համայնքի եւ  Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակներն ու ներկայացուցիչները:

Արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին: Վեհափառ հայրապետի ընթեռականերն էին Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.  կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:

Հայրապետական թափօրով կը փոխադրուէին միւռոնօրհնութեան արարողութեան ընթացքին գործածուող սրբազան մասունքները: Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը կը կրէր Կենաց Փայտի մասունքով խաչը, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը` Ս. Գեղարդը, Միացեալ Նահանգներու  Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը կը կրէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին Աջը, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը` Ծաղկանց նիւթի սափորը, Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանը` Բալասանի սափորը, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանը` Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի պահոցէն այս առիթով դուրս բերուած Վեհափառի Աւետարանը, Փառէն արք. Աւետիքեանը` Ս. Անդրէաս առաքեալի մասունքով Աջը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանը` Ս. Ղուկաս Աւետարանիչի մասունքով Աջը, Ռուսիոյ եւ  Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանը` հին միւռոնով միւռոնաթափ մեծ աղաւնին, Հարաւային Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մովսէս եպս. Մովսիսեանը կը կրէր Ս. Թադէոս առաքեալի մասունքով Աջը:

Մայր տաճարի երգչախումբը «Հրաշափառ» շարականի հանդիսաւոր կատարումով Բաց խորանի մատոյցներուն մէջ դիմաւորեց հայրապետական թափօրը, ապա միասնական Տէրունական աղօթքով սկսաւ միւռոնօրհնութեան խորհրդաւոր արարողութիւնը:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը միւռոնի կաթսային մէջ հեղեց ծաղկանց նիւթը եւ բալասանը, որմէ ետք ձեռամբ կաթողիկոսին կաթսային մէջ լեցուեցաւ նաեւ Անթիլիասի մէջ օրհնուած նոր միւռոնը, որ վեհափառ հայրապետին մատուցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Շահան արք. Սարգիսեանը:  Միւռոնօրհնէքի արարողութեան յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին մասնակցեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:

 

Նախորդը

Թուղթ Առ Նահատակաց

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնախումբի 6-րդ Նիստը

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.