Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Վերականգնուած Մեծ Մզկիթին

September 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mez-1_9-23-15

Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ վերականգնողական աշխատանքներու աւարտէն ետք երէկ տեղի ունեցաւ գլխաւոր մզկիթի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են իսլամական երկիրներու  բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, անոնց շարքին` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը: Յայտնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անձամբ ներկայ գտնուեցաւ մզկիթի բացման արարողութեան:

Վեց յարկերէ բաղկացած նոր մզկիթին մէջ կը տեղաւորուի մօտաւորապէս 10 հազար հաւատացեալ: Ատիկա մեծութեամբ Ռուսիոյ երրորդ մզկիթն է:

Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ատհա տօնին նախօրեակին:

Ռուսիոյ մէջ երկրորդ ամէնէն տարածուած կրօնը իսլամութիւնն է, ունի 15-23 միլիոն հետեւորդ:

Էրտողանը` Մոսկուայէն. «Գաղթականներուն Հարցով
Պէտք Է Ամբողջ Աշխարհը Ամչնայ»

Մոսկուայի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցած մզկիթի բացման արարողութեան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը իր ունեցած  ելոյթով անդրադարձած է գաղթականներու հարցին: Ան  յայտարարած է, որ գաղթականներու հարցով պէտք է ամբողջ աշխարհը ամչնայ: «Գաղթականներու հարցին լուծումը  այն չէ, որ անոնք մահանան Միջերկրական ծովուն մէջ, այլ այն, որ անոնց երկիրները պէտք է ապահով եւ անվտանգ ըլլան», ըսած է Էրտողան:

Փութինը Էրտողանը Ողջունած Է Թրքերէնով

Putin-Erdogan_9-23-15

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր թուրք գործընկեր Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:

Ըստ թրքական «Թուրքռուս» կայքին Ռուսիոյ նախագահը Էրտողանին հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Ուշագրաւը այն է, որ կայքը յատկապէս շեշտած է, թէ Փութին ընտրութիւններուն յաջողութիւն մաղթած է Էրտողանի կուսակցութեան:

Ի դէպ, թրքական կայքերը նշած են, որ ռուս ղեկավարը Էրտողանը ողջունած է թրքերէնով` ըսելով` «Հոշ կալտինիզ», որ թարգմանաբար կը նշանակէ «Բարի եկած է»: Սակայն ռուսական կայքերուն մէջ նման տեղեկութիւն չկայ:

Փութին. «Ռուսիան Չափազանց Գոհ Է
Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Զարգացումէն»

Ռուսիան չափազանց գոհ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու  զարգացումէն: Այս մասին Ռուսիոյ  նախագահ Վլատիմիր Փութին  յայտարարած է Մոսկուայի մէջ իր թուրք գործընկեր Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումին ընթացքին, յայտնած են ռուսական լրատուամիջոցները:

Փութին նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կանոնաւոր յարաբերութիւնները կը շարունակուին ամէնէն բարձր մակարդակով` թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ կառավարական ուղղութիւններով:

Խօսելով առեւտրական եւ տնտեսական կապերուն մասին` Ռուսիոյ  նախագահը նշած է, որ հակառակ շարք մը հանգամանքներով պայմանաւորուած բարդութիւններուն, Ռուսիան կը մնայ Թուրքիոյ` մեծութեամբ երկրորդ առեւտրական-տնտեսական գործընկերը:

 

 

Նախորդը

ՔԱԿ-ը Հրապարակած Է Խաղաղութեան Համար Իր Երեք Պայմանները

Յաջորդը

«ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովը Ազրպէյճան Դէտեր Պիտի Չուղարկէ» Կ՛ըսէ Քաներվա

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.