
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ ամերիկեան բանակին մէկ զեկուցումին համաձայն, Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուսական կործանիչներու տեսակը ցոյց կու տայ, որ անոնք ռուսական ուժերը պաշտպանելու համար են:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Ռուսիոյ եւ Իրանի կոչ ուղղեց օժանդակելու Սուրիոյ պատերազմին վերջ տալու աշխատանքներուն` նշելով. «Սուրիոյ մէջ ռուսական կործանիչներու գոյութիւնը թերեւս Մոսկուայի մտադրութեանց նկատմամբ որոշ հարցականներ կը ստեղծէ»:
Ան շեշտեց. «Թէ՛ Միացեալ Նահանգներ, թէ՛ Ռուսիա կ՛ուզեն Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնել, սակայն Ուաշինկթընի կարծիքով, Մոսկուայի կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աջակցութիւնը կը ներգրաւէ օտար զինեալները, որոնք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը կ՛ուզեն»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին յայտարարեց, որ Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ անմիջական քաղաքական երկխօսութեան սկսելու:
Ան նշեց, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար միջազգային ընտանիքը պէտք է Դամասկոսի հետ համակարգում կատարէ»` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքը Իրաքի մէջ համակարգում կը կատարէ Պաղտատի իշխանութեանց հետ, սակայն դժբախտաբար Սուրիոյ պարագային Դամասկոսի հետ այդպիսի համագործակցութիւն մը չունի` աւելցնելով, որ այդպիսի համագործակցութեան մը պարագային այդ պայքարը աւելի ազդու պիտի դառնայ:
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնած են, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանց Վալթեր Շթայնմայեր եւ Քերրի ճշդած են սուրիական տագնապէն դուրս գալու եւ դէպի Եւրոպա եւ Գերմանիա ուղղուող սուրիացի տեղահանուածներու հոսքին վերջ տալու ճամբու քարտէս մը, որուն ծիրին մէջ շրջանի շարք մը առանցքային երկիրներ կը մասնակցին այս ողբերգութեան լուծման նոր ջանքի մը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ Ուաշինկթընի կեցուածքը Սուրիոյ նկատմամբ ռուսական կեցուածքին առնչութեամբ նուազ չափով մերժողական դարձած է:


