
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան կողմէ վաւերացուած աղբի տագնապի լուծման ծրագիրին գործադրութիւնը:
Ժեմայէլ անդրադարձաւ նաեւ նախագահական ընտրութեան, որուն շրջագիծին մէջ ան հաստատեց երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մերժէ հանրաքուէով նախագահական ընտրութիւնը:


