Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. 24 Տարեկան

September 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Coat_of_Arms_of_Armenia

Ինքնիշխան, անկախ պետականութեան մեր տարիքն է, որուն կ՛աւելնան Ա. հանրապետութեան երկու տարիները:

Ազգերու ու պետութիւններու պատմութեան մէջ 24 կամ 26 տարիքը կրնայ բաւարար արդարացում ըլլալ կամ նկատուիլ խարխափումներու, թերացումներու, բացթողումներու: Ի վերջոյ, պետական մտածողութիւնը միայն ուրիշներու փորձառութեանց, պատմութեան սերտողութեան կամ տեսական քննարկումներու ճամբով կարելի չէ խորացնել, ամրացնել, հարստացնել:

Պէտք է խոստովանիլ, որ մեր նորանկախ պետականութեան, իր ծնունդի առաջին իսկ օրերէն, բաժին ինկան այնպիսի ծանրագոյն մարտահրաւէրներ, որոնք դիմագրաւելու համար պէտք էր դրսեւորուէր հասուն, սեփական միջոցներու եւ հնարաւորութեանց առաւելագոյն լարում ապահովող ռազմավարութիւն:

Այսօր, այս 24 տարիներու կարճ ժամանակահատուածի առարկայական գնահատումը կատարելու աշխատանք մը կրնայ տանիլ չափազանցութիւններու, կուսակցական, կողմնակալ երանգաւորումներով պախարակումներու կամ գովասանութեան:

Այսուհանդերձ, անկախութեան տարեդարձին առթիւ, կ՛արժէ փորձ մը կատարել` առարկայականին ըստ կարելւոյն մօտենալով, գնահատում մը կատարելու համար մեր պետութեան կտրած ճանապարհին:

Առաջին հերթին, մեր պետութիւնը կրցաւ այս կարճ ժամանակամիջոցին կերտել յաղթական, ուժեղ, մարտունակ բանակ մը, որ իր մէջ հաւաքեց մեր ազգի դարաւոր պատմութեան ռազմական ամբողջ ժառանգութիւնը:

Ազգը միասնական գաղափարախօսութեան մը շուրջ համախմբելու ուղղութեամբ առնուեցան կարեւոր քայլեր, որոնք եթէ շարունակուին, եթէ նպատակասլաց ընթացք ստանան, կրնան ի վերջոյ յաղթահարել արհաւիրքներու պատճառով գոյացած ճեղքերը, պառակտումները, տարտղնումները: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղին կարեւոր քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ:

Ընկերային արդարութեան վիրաւոր ոլորտը տակաւին կը դիմագրաւէ փտածութեան աղէտալի երեւոյթին դէմ ազդու պայքարի գործիքներ գտնելու անկարողութիւնը: Նաեւ` պետական գործիչներու յամառ հաւատքը, թէ` կարելի է անպատիժ խժռել ժողովուրդի կենսունակութեան աղբիւրներն ու յոյսը, եւ տակաւին բարբառիլ հայրենասիրութենէ:

Մշակութային փայլատակումները, տաղանդի ու հանճարի դրսեւորումները մեր պետութեան սահմաններէն ներս, նոյնիսկ ամէնէն անտէր մնացած մշակոյթի ու արուեստի ոլորտներուն մէջ, կը թելադրեն մեր ժողովուրդի հզօր կարողականութիւնը` իր ուրոյն գոյներով աշխարհը հարստացնելու:

Քսանչորս տարեկան է մեր անկախ պետականութիւնը: Երիտասարդ է, կազմաւորման ընթացքի մէջ է, լի` վերիվայրումներով: Այս ընթացքը անկասելի է ու նահանջը բացառուած: Մեր ժողովուրդի ապագայ զարգացման, բարգաւաճման եւ անոր յաւերժութեան երաշխիքն է անկախ պետականութիւնը, մեր Անկախ Հայաստան երկիրը:

 

Նախորդը

Հայ Ուսուցիչին Առաքելութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Սեպտեմբեր Գ. Վերամուտի Մտորումներ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.