Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Սեպտեմբեր Գ. Վերամուտի Մտորումներ

September 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական տագնապի անցնող չորս տարիներուն հայ համայնքի մաքառումներուն մէջ դժուարութիւններով, յաճախ զրկանքներով, երբեմն նաեւ վտանգներով, այնուամենայնիւ վճռական յանձնառութեամբ պահպանուեցաւ սուրիահայութեան ուսումնակրթական հաստատութիւններու անխափան գործունէութիւնը:

Սուրիահայ համայնքը կրցաւ դիմագրաւել պատերազմին իբրեւ հետեւանք կրթական իր հաստատութիւններուն սպառնացող շարք մը դժուարութիւններ` տնտեսական տագնապ, կրթական հաստատութիւններէ ներս ծառայող մարդուժի նուազում, աշակերտութեան թիւի նօսրացում, բախումնային շրջաններու մէջ յայտնուած վարժարաններու փակում, որուն փոխարէն` տուեալ վարժարաններու աշակերտութեան համախմբում այլ կառոյցներէ ներս եւ հերթափոխութեամբ դպրոց ներկայանալու ժամանակաւոր լուծումներու որոնում:

Անթիւ ու անհամար դժուարութիւններուն մէջ կրթական մեր հաստատութիւնները շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը` միշտ տքնելով պատերազմի խաւարին մէջ ճառագայթող ներկայութիւն դառնալու, կենցաղային անտանելի պայմաններու մէջ անգամ յանձնառու, գիտակից եւ բանիմաց սերունդներ հասցնելու եւ տարաբնոյթ փոթորիկներուն դիմաց հայկական մեր ներկայութիւնը պահելու:

Պատերազմի գործած աւերներուն եւ գործազրկութեան պատճառով կտրուկ նահանջ արձանագրեց ծնողներու վճարողականութեան կարելիութիւնը, համարեա՛ դադրեցան վարժարաններու եկամտաբեր աղբիւրները: Հակառակ այս ծանր կացութեան` Ազգային իշխանութեան համար էական նշանակութիւն ունեցան հայկական վարժարաններու պաշտօնէութեան նիւթական բաւարարումն ու ոչ մէկ հայ աշակերտ տնտեսական դժուարութեան պատճառով հայկական վարժարան յաճախելէ զրկելու սկզբունքային մօտեցումը:

Հայկական կրթօճախներու գոյատեւման մէջ պատկառելի դեր ունեցան հայ սերունդներու մտաւոր եւ ազգային դաստիարակութեան նուիրուած կրթական մշակները, պատասխանատու մարմիններն ու համայն հայութեան նիւթական օժանդակութիւնները:

Սուրիահայ բոլոր վարժարանները 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանը կը դիմաւորեն շարունակուող տագնապներով, գաղթի եւ ներքին տեղաշարժի որպէս հետեւանք` աշակերտութեան եւ կրթական մշակներու թիւի առաւել նօսրացումով, տնտեսական եւ ապահովական անհերքելի դժուարութիւններով:

Այս բոլորով հանդերձ, կը շարունակեն գործել Սուրիոյ Դամասկոս, Հալէպ, Լաթաքիա, Գամիշլի, Հասիչէ նահանգներու, ինչպէս նաեւ Քեսապի ու Տէրիքի ազգային, միութենական թէյարանուանական հայկական վարժարանները` դիմագրաւելով նոյնանման դժուարութիւններ: Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը աշխատանք կը տանի վերականգնելու նաեւ Ռաս ուլ Այնի հայկական վարժարանը:

Ազգային իշխանութեան որոշումով Հալէպի չորս ազգային մանկապարտէզները միացած են ու վերանուանուած` «Ազգային մանկապարտէզ», իսկ չորս նախակրթարանները միանալով` յառաջացած է երկու նախակրթարան` Ազգային Հայկազեան-Կիւլպէնկեան եւ Ազգային Սահակեան-Զաւարեան: Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը կը գործէ նոյն դրութեամբ:

Ազգային բոլոր վարժարանները կը գործեն Կիւլպէնկեան վարժարանի կառոյցին մէջ:

Պատերազմի ծանր պայմաններուն մէջ մեր կրթօճախները կը յարատեւեն մշտանորոգ կորովով, տասնամեակներու ընթացքին կուտակուած փորձառութեամբ ու հաւաքական մեր աշխատանքը համայնքի զաւակներուն ներշնչման աղբիւրը դարձնելու հաստատ համոզումով` ժիր ու կայտառ պահելու հայ երիտասարդութիւնն ու հայեցի դաստիարակութեան վրայ խարսխելու անոր կեանքի ընթացքը:

Մեր բոլորին` վարժարան, ծնողք, կրթական մշակներ, պատասխանատու մարմիններ, ուսանողներ եւ կրթական մեր հաստատութիւններուն մարդակերտման ու հայակերտման դերին հաւատացողներ, պարտքն է հաւաքաբար պայքարիլ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, կանգուն եւ համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պահելու սուրիահայ համայնքի գոյատեւման ապառաժները` սուրիահայ վարժարանները:

Բարի՛ եւ անփորձանք վերամուտ…

Զ. Պ.

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. 24 Տարեկան

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միշել Քասարճի Եւ Ռուֆայէլ Թրապոլսի Եպիսկոպոսները

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը

March 10, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը

March 10, 2026
21-րդ Դարու Ուսուցիչը Ալկորիթմներու Եւ Մարդկայինութեան Միջեւ⁷
Անդրադարձ

21-րդ Դարու Ուսուցիչը Ալկորիթմներու Եւ Մարդկայինութեան Միջեւ⁷

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.