
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան խորհրդակցական հանդիպումին, որուն ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ներկայացուց ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու նպատակով իր պատրաստած օրինագիծին մանրամասնութիւնները:
Խորհրդակցական հանդիպումին ներկայ գտնուեցան 14 նախարարներ:
Նշենք, որ այդ օրինագիծին առումով կառավարութեան հիմնական տարակարծութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ այդ ծրագիրին գործադրութեան գումարները ինչպէ՛ս պիտի ծախսուին:
Վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ ընդդիմութեան կողմէ կառավարութեան դէմ մղուած պայքարը անտեղի է եւ անիմաստ, որովհետեւ անիկա ոչ մէկ պատճառաբանութեան վրայ հիմնուած է:
Միւս կողմէ, վարչապետը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործող պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան Ֆըթրի տօնին առաջին երկու օրերուն ընթացքին:
Նշենք, որ կառավարութեան իսկական նիստը պիտի գումարուի այսօր` երեքշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պէյթէտտինի պալատին մէջ` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:


