Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Ռաուտայի Ակումբին Մէջ

September 21, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

sh-6_9-20-15

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Յարութ Լափաճեան
Յարութ Լափաճեան
Սերօ Քելուկեան
Սերօ Քելուկեան
Ռիթա Թաշճեան
Ռիթա Թաշճեան

Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Ռիթա Թաշճեան: Ան նկատել տուաւ, որ 1975-ին սկսած  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 15 տարիներու տեւողութեան ընթացքին լիբանանահայութիւնը` ներառեալ Ռաուտայի հայահոծ շրջանի երիտասարդները ճիգ չխնայեցին շրջանը պաշտպանելու ամէն տեսակի վտանգներէն` աւելցնելով, որ շրջանի ղեկավարութեան առաջնահերթ եւ առօրեայ մտահոգութիւնը եղած էր պահակութիւնը, զինավարժութիւնը, ուտելիքի մատակարարումը, նաեւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումը: Ան յիշատակեց շրջանի նահատակ ընկերներէն Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանը եւ Կարօ Գոլանճեանը,  նաեւ յիշեց  բոլոր այն ընկերները, որոնք այսօր կ՛ապրին, սակայն իրենց կեանքի մատղաշ տարիները վտանգի ենթարկեցին` հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար:

Այնուհետեւ Սերօ Քելուկեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» բանաստեղծութիւնը:

sh-1_9-20-15

Օրուան պատգամախօսն էր Վիգէն Գուճանեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն ձեռնարկը կը միտի յարգանքի տուրք մատուցել բոլոր նահատակներուն, նաեւ անոնց, որոնք իրենց բազմատեսակ զոհողութիւններով նուիրուեցան հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան դժուարին եւ անապահով աշխատանքներուն: Գուճանեան յայտնեց, որ 15 տարի տեւած պատերազմի ընթացքին հաւաքաբար դիմագրաւեցինք քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական լուրջ խնդիրներ: «Հայութիւնը պահելը մեր գլխաւոր մարտահրաւէրն էր, որուն իրագործման համար անհրաժեշտ էր դիմել ներքին ինքնապաշտպանութեան` զէնքով, հայկական թաղամասերը պաշտպանելու բարդ եւ զոհողութիւն պահանջող գործունէութեան», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն հաւաքական կամքն ու ոգին նպաստեցին, որ արտաքին ճակատին ներկայանանք միասնակամ եւ ամուր: Գուճանեան պատմական ակնարկ մը նետեց պատերազմի ժամանակ երկրին մէջ տիրող դժուար կացութեան, ինչպէս` անգործութիւն եւ տնտեսութեան խախտում, որուն իբրեւ հետեւանք պէտք էր հասնիլ ամէն տեղ եւ կատարել ամէն տեսակի գործ, որպէսզի ժողովուրդը յոյսով ապրի: Ան յիշատակեց շրջանէն երկու նահատակ ընկերներ Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանի եւ Կարօ Գոլանճեանի անունները եւ ներկայացուց իւրաքանչիւրին կենսագրական տուեալները: «Քաղաքացիական պատերազմի նահատակները միայն լիբանանահայութեան նահատակները չեն, այլ` համայն հայութեան, որովհետեւ մեր տղաքը գիտէին, որ լիբանանահայութիւնը սփիւռքի սիրտն էր ու շրջանի հայութեան քայքայումով Հայ դատը մեծ վնաս կը կրէր: Այսօր ալ հայապահպանման մարտահրաւէրները անփոփոխ են, եւ տակաւին գաղութը մեծ գործ ունի կատարելիք: Մենք պէտք է նոյն ոգիով շարունակենք մեր նահատակներուն գործը», եզրափակեց Վիգէն Գուճանեան:

Ապա Յարութ Լափաճեան մեկնաբանեց «Քեզի յարգանք» եւ «Դաժան կռւում» երգերը:

Ձեռնարկի աւարտին Ռաուտայի մատրան հովիւ Սեւակ քհնյ. Վասիլեան աղօթքով եւ պահպանիչով օրհնեց ակումբի մուտքին զետեղուած յուշատախտակը, որմէ ետք նահատակներուն ընտանեկան պարագաները կատարեցին անոր քողազերծումը:

 

Նախորդը

Հալէպ. Հրթիռ` ՀՄԸՄ-ի Ընտանեկան Պարտէզի Թաղին Մէջ

Յաջորդը

Արագածը Յիշեց Եւ Յարգեց Իր Նահատակները

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.