Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիսաւոր Ձեռնարկներ` «Ֆրանսական Օրեր Արցախի Մէջ» Ծրագիր Ծիրին Մէջ

September 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

pago_9-18-15

«Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» ծրագիրին ծիրին մէջ 18  սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի  մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Ֆրանսայի պուրակին մէջ տեղի ունեցած է քանդակագործ Թորոս Ռասթկելենեանի «Յաւերժութիւն» արձանի բացման եւ «Փոլ Էլիվարի տուն» ֆրանսախօսութեան կեդրոնի հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւն` ներկայութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախ-Ֆրանսա բարեկամութիւնը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան մը` ընդգծելով, որ Ֆրանսայի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացումը Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկն է: «Ի դէմս Ֆրանսայի` մենք ունինք հզօր ու քաղաքակիրթ բարեկամ երկիր, որուն հետ կապուած ենք բազմաթիւ խողովակներով: Ես լաւատես եմ մեր երկկողմանի  յարաբերութիւններու ապագային հանդէպ, որովհետեւ անկեղծ ձգտում եւ հաստատակամութիւն կը տեսնեմ մեր եղբայրական կապերը զարգացնելու ուղղութեամբ», նշած է Սահակեան:

Նախաձեռնութեան մասնակցած են նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Ֆրանսայի խորհրդարանականներ եւ պաշտօնեաներ, հիւրեր:

Նոյն ծիրին մէջ եւ նոյն օրը Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է «Ղարաբաղ-Ֆրանսա» եւ «Ֆրանսա-Ղարաբաղ»  բարեկամութեան շրջանակներու ու բարեկամացած քաղաքներու ներկայացուցիչներու միացեալ նիստ: Նիստին մասնակիցները աւարտին հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է.

«- Ողջունելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հետեւողական քայլերը` ուղղուած ազատ եւ ժողովրդավարական պետականութեան ստեղծման ու զարգացման,

– Նշելով, որ միջազգային հոլովոյթներէն Արցախի ժողովուրդին մեկուսացումը անթոյլատրելի է, եւ նման քաղաքականութիւն կը խոչընդոտէ ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդումը,

– Աջակցութիւն յայտնելով Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման, որուն նպատակը համագործակցութեան ընդլայնումն ու ամրապնդումն է տարբեր մարզերու մէջ, որոնց կարգին` կրթութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան,

– Հաստատելով Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ բարեկամական եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ամրապնդումը շարունակելու մտադրութիւնը,

– Համոզուած ըլլալով, որ բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ համագործակցութիւնը կարեւոր գործօն են խաղաղութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական ազատութիւններու պաշտպանութեան առումով`

Ա.- Կարեւոր կը նկատենք «Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» փառատօնի կազմակերպումն ու կայացումը` իբրեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան շրջանակներու ընդլայնման յաջողած նախաձեռնութիւն,

Բ.- Բարձր կը գնահատենք հանրապետութեան մէջ ֆրանսախօսութեան զարգացման միտող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն ջանքերը եւ այս առնչութեամբ կ՛ողջունենք Ստեփանակերտի մէջ «Փոլ Էլիվարի տուն» ֆրանսախօսութեան կեդրոնի հիմնադրումը,

Գ.- Համաձայնած ենք անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել` համագործակցութեան առկայ ձեւաչափերու հետագայ զարգացման համար` առաջնորդուելով հաւասարութեան, փոխլրացման եւ համերաշխութեան սկզբունքներով:

 

 

Նախորդը

Ոստիկանութիւնը Թալանած Է Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.