Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցչական Կազմը Գումարեց Նոր Տարեշրջանի Անդրանիկ Ժողովը

September 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mesrobian_9-11-15

11 սեպտեմբեր 2015-ին կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու միացեալ ընդհանուր ժողովը, որ ազդանշանը տուաւ 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտին:

Ժողովը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ` աղօթքի արարողութեամբ, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ շեշտեց, որ ուսուցիչներ եւ կրթական պատասխանատուներ հրաւիրուած են արժանի ուշադրութիւն շնորհելու յատկապէս այն մանուկներուն, որոնք ունին կրթական եւ ընկերային դժուարութիւններ եւ կամ որոնք առաւել զգայուն են մեր կեանքը բարդացնող տագնապներուն հանդէպ:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ «Ֆարաճեան» հանդիսասրահին մէջ` ներկայութեամբ վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամներուն, ընդհանուր թիւով` 120:

Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ հաղորդեց, որ Մեսրոպեանի սկզբունքը կը մնայ նոյնը` կատարել լաւագոյնը` աշակերտին համար: «Սէր, նուիրում եւ ժամանակ. ահաւասիկ այս է, որ կը սպասուի բոլորէս, որպէսզի մեր աշակերտները սորվին հաւատալ իրենց ուժերուն եւ այդ ճամբով հասնին իրենց լինելութեան», ըսաւ ան:

Ապա տնօրէնը ներկայացուց Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքի նորագիր անդամները, ինչպէս նաեւ ամփոփում մը անցած տարեշրջանի իրագործումներուն, որոնց շարքին` վարժարանի փայլուն յաջողութիւնները` ֆրանսերէնի DELF եւ պետական քննութիւններուն:

Կրէկուար Գալուստ շեշտեց Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքին մէջ փոխադարձ վստահութեան, սիրոյ եւ հանդուրժողութեան, կարգ ու կանոնի, լրջամտութեան  հետեւողականութեան, ինչպէս նաեւ  նախաձեռնութեան ոգիի կարեւորութիւնը: Ան  յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց ծնողներուն հետ յարաբերութիւնները առողջ եւ կառուցողական պահպանելու հրամայականը:

Վերջապէս, տնօրէնը անհրաժեշտ համարեց աշխուժացնել Ուսուցչական եւ դպրոցական միւս խորհուրդներուն գործունէութիւնը: Ընդհանուր ժողովի աւարտէն ետք, ուսուցիչները ըստ բաժանմունքներու կայացուցին խմբային առանձին հանդիպումներ` քննարկելու համար աշխատանքային նորաբաց տարուան առնչուող հարցեր:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Անձնակազմին Առաջին Հանդիպումը` Վերամուտի Նախօրեակին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.