Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը «Խիստ Վիրաւորական» Բնութագրած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը

September 15, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Azerbaijan_9-14-15

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանը 14 սեպտեմբերի նիստին ընթացքին որդեգրած է որոշում մը, որուն մէջ 10 սեպտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւը «խիստ վիրաւորական» բնութագրած է:

Որոշման մէջ կը նշուի, թէ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը կը վկայէ, որ Արեւմուտքին մէջ Ազրպէյճանը «վարկաբեկելու արշաւ» սկսած է: Կը նշուի նաեւ, որ այն բանէն ետք, երբ Եւրոպական խորհրդարանը անցեալ տարուան սեպտեմբերին սկսած է գործել նոր կազմով, անոր ղեկավարութեան պատճառով Ազրպէյճանի հետ համագործակցութիւն չէ եղած, որովհետեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը «ոչ պաշտօնապէս արգելք դրած է իր երեսփոխաններուն Ազրպէյճան այցելութիւններուն»:

Կը նշուի նաեւ, որ Ազրպէյճանի դէմ բանաձեւին մէջ առաջ քաշուած պահանջները «որեւէ իրաւական հիմք չունին»:

Ազրպէյճանի խորհրդարանը Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի «Եւրոնեսթ»-ի մէջ իր մասնակցութեան դադրեցման գործառոյթ սկսելու մասին որոշում որդեգրած է: Ազրպէյճան Եւրոպական խորհրդարանէն պահանջած է հրաժարիլ Ազրպէյճանի դատական համակարգին վրայ «ճնշում գործադրելու փորձերէն», ինչպէս նաեւ 1 նոյեմբերին Ազրպէյճանի մէջ կատարուելիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն դէտեր չուղարկելու կոչերէն:

Բացի ատկէ, ազրպէյճանական խորհրդարանը «զգուշացուցած» է, որ եթէ Ազրպէյճանի դէմ մուտքի արտօնագիրի արգելքներ սահմանուին, ապա Պաքուն եւս պիտի քննարկէ Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնական անձերու այցելութիւնը «սահմանափակելու մասին հարցեր»: Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի նաեւ Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրի շրջանակին մէջ Ազրպէյճանի գործունէութեան ձեւաչափի փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ազրպէյճանի խորհրդարանը արտակարգ նիստ հրաւիրած է, որպէսզի պատասխան տրուի Եւրոպական խորհրդարանի 10 սեպտեմբերի բանաձեւին, որուն մէջ քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու պահանջ արտայայտուած է, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղուած է պատժամիջոցներ կիրարկելու բոլոր այն պաշտօնատար անձերուն եւ դատաւորներուն դէմ, որոնք հետապնդած են քաղաքական գործիչները Ազրպէյճանի մէջ:

 

 

Նախորդը

Գերմանիա Կը Կասեցնէ Իր Մասնակցութիւնը Շենկենի Համաձայնագիրին

Յաջորդը

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Իրանէն Կը Պահանջեն Դադրեցնել Արաբական Պետութեանց Ներքին Հարցերուն Իր Միջամտութիւնը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.