Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքայի Խորհրդարանականներ Արցախ Կ՛այցելեն

September 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Belgium_9-10-15

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ 10 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում Արցախի եւ Պելճիքայի խորհրդարանականներուն միջեւ:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան` ողջունելով պելճիքացի խորհրդարանականները` ընդգծած է, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն օրինակելի արժեհամակարգ ունեցող երկիրներու պետական կառոյցներու, մասնաւորաբար երեսփոխաններուն հետ կապերու յարաբերութիւնները:

Խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար` նկատի ունենալով միջազգային խորհրդարանական ձեւաչափով հոլովոյթներուն մէջ ներգրաւուած չըլլալու հանգամանքը, նման կապեր շատ կարեւոր են հաստատութենականութեան կատարելագործման եւ ժողովրդավարութեան զարգացման իմաստով:

Պելճիքական խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար Ժիւլի տը Կրոթ կարեւոր նկատած է իրենց Արցախ այցելութիւնը` լիարժէք տեղեկութիւններ ստանալու եւ պաշտօնակիցներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացման հաւանական տարբերակ գտնելու պարունակին մէջ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում, որուն ընթացքին հիւրերը հետաքրքրուած են Արցախի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթներու, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ կատարուող բանակցութիւններու ընթացքին եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններուն ունեցած դիրքորոշումներով:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները: Պելճիքայի երեսփոխանական պատուիրակութեան Արցախի մէջ կ՛ընկերակցէր Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

 

 

 

Նախորդը

Նախարար Նալբանդեան Բրիտանիա Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Ակնարկ. Քննադատութիւն, Առաջարկ Եւ Սպառնալիք

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.