Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւան-Շուշի Ասմունքի Փառատօնի Մրցանակակիրներ

September 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150820-WA0002

Սփիւռքահայուն համար հայրենիք այցելութիւն անկասկած մեծ ոգեւորութիւն կը պատճառէ: Յատկապէս երբ պատանիներ հայրենիք կ՛այցելեն եւ մօտէն կապ կը հաստատեն իրենց հասակակիցներուն հետ, այն ատեն արդիւնքը կ՛ըլլայ անմոռանալի յիշատակներու եւ արմատներու կանչի ամրապնդում:

Ամառնային արձակուրդը լաւագոյն ձեւով արժեւորելու համար, Լիբանանէն Հայ աւետարանական վարժարաններու երեք աշակերտուհիներ Հայաստան ճամբորդեցին առաջին հերթին մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին, ապա` Աւան-Շուշի ասմունքի փառատօնին:

Արդարեւ, Նարոյ Ադամեան (Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան-Այնճար), Կասիա Հաճէքեան (Հայ աւետարանական քոլեճ) եւ Ալիսիա Իշխանեան (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան) մասնակցեցան Լիբանան-Հայաստան բարեկամական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Աւան-Շուշի փլազա» պանդոկի ղեկավար Ալեք Պաղտասարեանի համահայկական ասմունքի 4-րդ փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ 17-21 օգոստոս 2015-ին, Շուշիի մէջ: Այս մրցումին մասնակցեցան աւելի քան 100 աշակերտներ Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն, Ջաւախքէն, Ռուսիայէն, Հայաստանէն, Արցախէն: Հմուտ մանկավարժներէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած դատական կազմին որոշումով աշակերտներէն Նարոյ Ադամեան արժանացաւ 2-րդ մրցանակին, իսկ միւս երկուքը իրենց տարիքային խումբերու մէջ` 3-րդ դիրքը գրաւեցին:

Արցախ այցելութեան շրջանին աշակերտները առիթ ունեցան տեսակցելու Ղարաբաղի պաշտպան, դքսուհի Քարոլայն Քոքսի հետ, այցելելու տեսարժան վայրերը եւ կապ հաստատելու սփիւռքահայ, արցախցի եւ հայաստանցի հասակակիցներու հետ:

Շնորհակալութիւն «Արի տուն» ծրագիրի հովանաւոր սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, Համահայկական ասմունքի փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ խթան հանդիսացող սփիւռքահայ գործարարներուն: Անջնջելի յիշատակներով լիցքաւորուած եւ նոր փորձառութիւններով զինուած երեք աշակերտուհիները իրենց ճանաչողական շրջապտոյտէն Պէյրութ վերադարձան մեծ խանդավառութեամբ հայրենիքին սէրը իրենց մտքին մէջ ամուր դրոշմուած:

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք մասնակիցները, անոնց ծնողները եւ պատկան վարժարաններու տնօրէնութիւնները:

Նախորդը

ՍՕԽ-ի 37-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը Սկիզբ Առաւ Հալէպի Մէջ

Յաջորդը

Կոչ Հայրենական

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.