Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շուշանեան» Կիրակնօրեայ Դպրոցի Ամառնային Համախմբում

September 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Shoushanian1-(1)_9-11-15

Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ  «Շուշանեան» կիրակնօրեայ դպրոցը այս տարի եւս ունեցաւ ամառնային յատուկ ծրագիր մը 3-11 տարեկան մանուկներուն համար Ազգային «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ:

Համախմբումին նպատակն էր մէկտեղել Այնճարի զաւակները Տէր Յիսուս Քրիստոսի հովանիին տակ` ցոյց տալով իրենց թէ աղօթքի եւ սաղմոսի կողքին, խաղը, ժպիտը, երգն ու պարը եւս հոգին կ՛ուրախացնեն եւ մեր հաւատքը կը զօրացնեն:

Համախմբումը սկսաւ օգոստոս 10-ին եւ տեւեց 3 շաբաթ: Այս տարուան ծրագիրը, որ նախօրօք բծախնդրօրէն պատրաստուած էր պատասխանատու ուսուցչուհիներուն կողմէ, խանդավառեց աշակերտները:

Օրուան յայտագիրը կը սկսէր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին եւ կը տեւէ մինչեւ ժամը 7:00:

Shoushanian1-(7)_9-11-15

Համախմբումին մասնակցեցան 70 աշակերտներ, որոնք ունէին երեք պատասխանատուներ եւ 16 օգնական ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Աշակերտները բաժնուեցան երեք խումբերու: Ա. խումբ` մանկապարտէզ, որուն պատասխանատուն էր Արին Պուրսալեան: Մանկապարտէզի թեման տասը պատուիրաններն էին: Փոքրիկները սորվեցան անոնց իմաստը, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարգեն ու կատարեն զանոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:

Բ. խումբ` Ա. Բ. Գ. դասարանի աշակերտներ: Պատասխանատու ուսուցչուհի Միրնա Փանոսեան: Այս բաժինի թեման էր Ս. Հոգիին պտուղները: Անոնք սորվեցան, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործածեն Ս. Հոգիին շնորհքները իրենց կեանքին մէջ, որպէս քրիստոնեաներ: Իսկ Գ. խումբի թեման էր Յիսուսի առակները եւ անոնց իմաստը: Պատասխանատու ուսուցիչն էր Եւիկ Աշգարեան:

Shoushanian1-(6)_9-11-15

Համախմբումին ընթացքին աշակերտները սորվեցան նոր շարականներ, հոգեւոր երգեր, աղօթքներ, սաղմոսներ եւ ոսկեղէն համարներ: Իւրաքանչիւր օրուան նիւթին կապուած ձեռային եւ մտային աշխատանքներ կատարեցին: Պատմեցին եւ ունկնդրեցին պատմութիւններ, մարզեցին իրենց մարմինը, միտքը եւ հոգին: Հիւրասիրուեցան, մասնակցեցան խաղերու եւ պտոյտներու գացին: Առաջին ուրբաթ օր անոնք գացին «Արեւ» ճաշարանի խաղավայրը, որմէ ետք հիւրասիրուեցան պաղպաղակով: Երկրորդ ուրբաթ օր մանկապարտէզի բաժինը գնաց ճաշարան «Նապաա Այնճար»-ի խաղավայրը, իսկ Ա. եւ Բ. խումբի աշակերտները` լողաւազան «Նարեկ»:

27 օգոստոսին համախմբումը հասաւ իր աւարտին` հանդէսով մը, ուր աշակերտները իրենց սորված աղօթքները, սաղմոսները, եւ շարականները հրամցուցին ծնողներուն: Ա. եւ Բ. խումբի աշակերտները իրենց սորված նիւթին կապուած փոքր թատրոններ ներկայացուցին: Անոնք չմոռցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` ներկայացնելով անմոռուկ ծաղիկը իր բաժիններով եւ իմաստով:

Հանդէսին բացման խօսքը ներկայացուց տեսուչ Համեստ Ճանպազեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին կիրակնօրեայ դպրոցի ամառնային համախմբումին: Ան առաջարկեց, որ նաեւ ամէն կիրակի ղրկեն իրենց զաւակները եկեղեցի եւ կիրակնօրեայ դպրոց: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին, թաղական խորհուրդին, տիկնանց միութեան, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս միշտ նեցուկ կը կանգնին իրենց: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին` իրենց ընծայած աջակցութեան համար:

Տեսուչը բեմ հրաւիրեց բոլոր պատասխանատու եւ օգնական ուսուցիչները` գնահատելով անոնց տարած աշխատանքը ի խնդիր ամառնային համախմբումի յաջողութեան:

Հանդիսութեան աւարտին Միւռոն քահանան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն` շեշտելով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կիրակնօրեայ դպրոցին կարեւոր դերը` որպէս «լուսոյ տուն»: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ տէր հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
«ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ» ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ
ԴՊՐՈՑԻ ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Խաբուսիկ Չուանը

Յաջորդը

ՍՕԽ-ի 37-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը Սկիզբ Առաւ Հալէպի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.