Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹԱՅՄ» ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՈՎ ՄԻՋԱՄՈՒԽ Կ՛ԸԼԼԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ

August 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Թայմ» շաբաթաթերթը անցեալ շաբաթավերջին հրապարակեց հարցազրոյց մը, որ կտրականապէս մերժուեցաւ Հըզպալլայի կողմէ:

Հարցազրոյցը կատարուած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած ենթադրեալ «յանցագործ»ներէն մէկուն հետ եւ հարցազրոյցին բովանդակութեան մէջ խնդրոյ առարկայ անձը կը շեշտէ, որ լիբանանեան իշխանութիւնները գիտեն իր գտնուած վայրը, սակայն անկարող են զայն ձերբակալելու եւ այդ պատճառով ալ չեն նախաձեռներ զինք ձերբակալելու:

«Թայմ»ի մէջ լոյս տեսած այս հարցազրոյցին առնչութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հարց տուաւ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին, որ արդեօք անոնք լսեցին այդ հարցազրոյցին մասին: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս որդեգրուած է Հըզպալլայի գործած արարքներուն նկատմամբ խուլ ականջ ձեւանալու եւ աչք խփելու կեցուածքը:

Հարիրիի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ իշխանութեան հանգամանքը վտանգուած է, որովհետեւ Հըզպալլա վերածուած է հանրապետութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդին:

Հարիրի շեշտեց, որ «Թայմ»ի հարցազրոյցին բովանդակութիւնը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ Հըզպալլա այդ ձեւով կը փաստէ, թէ լիբանանեան իշխանութիւնները իր խաղալիքին վերածուած են եւ Դիմադրութեան հաճոյակատարներն են:

Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը երկլեզու կազմ մըն է, որուն առաջին լեզուն միջազգային ընտանիքին եւ լիբանանեան հանրութեան կը ներկայանայ արդարութիւնը բանեցնելու խոստումներով, իսկ երկրորդը կը գործէ առաջինին յայտարարած յանձնառութիւններուն հակառակ ուղղութեամբ:

Հարիրի շեշտեց, որ պատմութիւնը պիտի չխնայէ իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան մեղսակիցները եւ զանոնք պաշտպանողները:

Հըզպալլա կտրականապէս հերքեց ամերիկեան «Թայմ» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած այդ հարցազրոյցը` նկատել տալով, որ հարցազրոյցը վարած լրագրող Նիքոլաս Պլենֆորտ ենթադրած է, որ ինք Հըզպալլայի պատասխանատուի մը հետ հանդիպում ունեցած է, ապա դէմ յանդիման գտնուած Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանեալներէն մէկուն հետ եւ ըստ այնմ հարցազրոյց կատարած անոր հետ:

«Հըզպալլայի ոչ մէկ պատասխանատու հանդիպում ունեցած է «Թայմզ»ի բրիտանացի լրագրող Նիքոլաս Պլենֆորտի հետ, հետեւաբար` անոր գրած լուրերը անճիշդ են, իսկ ենթադրեալ հարցազրոյցը տեղի չէ ունեցած: Ըստ երեւոյթին` «Թայմ»ի յօդուածը եւս Միջազգային դատական ատեանին հրապարակած ոստիկանական պատմութիւններուն եւ հեքիաթներուն մաս կը կազմէ», նշուեցաւ Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ:

Արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ «Թայմ»ի լոյս ընծայած հարցազրոյցին շրջագիծին մէջ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի հետ:

Ան շեշտեց, որ Միրզա ընդգծած է, թէ ընդհանուր դատախազութիւնը անտեղեակ է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած քաղաքացիներէն, ինչպէս նաեւ հերքած է, թէ ընդհանուր դատախազութիւնը տեղեակ է անոնց գտնուած վայրերուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերէն:

Միրզա շեշտած է, թէ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ բացայայտելու համար «Թայմ»ի հետ հարցազրոյց կատարած այս քաղաքացիին ինքնութիւնը:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ «Թայմ»ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին թղթածրարը կը հետապնդուի Լիբանանի ընդհանուր դատախազութեան կողմէ: Ան դիտել տուաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերը ոչինչ կատարած են Միջազգային դատական ատեանին բերման գիրերը գործադրելու առումով, որովհետեւ Լիբանանի եւ Միջազգային դատարանին միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը կ՛ենթադրէ, որ այդ աշխատանքը կատարուի Միջազգային դատական ատեանին եւ ընդհանուր դատախազութեան միջոցով:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուածներէն մէկուն հետ «Թայմ» շաբաթաթերթին կատարած հարցազրոյցը շինծու է` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը նպատակ մըն է, որ բոլորին կողմէ անհասանելի է:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ ոչ մէկ առնչութիւն ունին Հարիրիի սպանութեան հարցով հրապարակուած ամբաստանագիրին հետ: Ան շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ շարժիլ առանց Հըզպալլայի ղեկավարութեան հրահանգին, «հետեւաբար` Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած հիմնական յանցագործ Մուսթաֆա Պատրէտտին, որ կուսակցութեան մէջ բարձր պաշտօններ կը վարէ, ինքնագլուխ չէ շարժած, այլ` գործած է անսալով Հըզպալլայի հրահանգներուն», շեշտեց Ժահժահ:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը` լիբանանեան դատական աղբիւրներէ քաղելով իր տեղեկութիւնները, հաստատեց, որ դատական իշխանութիւնները հետաքննութիւն բացած են «Թայմ» շաբաթաթերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին առնչութեամբ` հետապնդելու համար նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վերաբերեալ վկայութիւններ կատարած ամբաստանեալն ու անոր գտնուած վայրը:

Լիբանանեան դատական իշխանութիւնները հաստատած են նաեւ, որ իրենք հարցաքննութեան պիտի կանչեն հարցազրոյցը վարած լրագրող Նիքոլաս Պլենֆորտը:

Այս առումով սակայն, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լրագրող Նիքոլաս Պլենֆորտի հետ, որ հաստատեց, որ ինք չէ, որ Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուողին հետ հարցազրոյց կատարած է, այլ` ուրիշ մը: Նիքոլաս Պլենֆորտ նկատել տուաւ, որ այդ հարցազրոյցը այլ լրագրող մը կատարած է, սակայն ինք օգտուած է այդ հարցազրոյցէն եւ անկէ բաժին մը ներառած իր յօդուածին մէջ:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Պլենֆորտ մտերիմ յարաբերութեան մէջ է Հըզպալլայի երեսփոխաններէն մէկուն հետ եւ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այդ երեսփոխանը ըլլայ Պլենֆորտի եւ ամբաստանեալին միջեւ հարցազրոյց մը կատարելու կապը:

«Նահար» օրաթերթը հաւանական կը նկատէ, որ Պլենֆորտ հարցազրոյցը կատարած ըլլայ Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած Հիւսէյն Օնէյսիի կողմէ:

«Նահար» նկատել տուաւ նաեւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պահանջած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որ Հըզպալլա հրապարակէ «Թայմ»ի հրատարակած հարցազրոյցին բովանդակութիւնը հերքող հաղորդագրութիւն մը:

ՆՇԵՆՔ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթըն Եուսեֆ յայտնեց, որ Միջազգային դատարանը այս հանգրուանին ոչ մէկ մեկնաբանութիւն ունի կատարելիք «Թայմ»ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին առնչութեամբ:

 

 

Նախորդը

ՍԻՆԿ. «ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԿՐԱԾ»

Յաջորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԹԱՆՆՈՒՐԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.