
4 սեպտեմբերին, ժամը 17:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով, հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած գործողութեան իբրեւ հետեւանք մարտական խնդիր կատարելու ժամանակ զոհուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորներ Մարատ Խաչանեան եւ Արման Ստեփանեան: Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսած է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորներուն ընտանիքներուն անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան այս առնչութեամբ յայտնած է, թէ սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը Ազրպէյճանի սադրանքներու հետեւանք է:
Ան նշած է, որ նախօրէին ազրպէյճանական կողմի ռմբակոծումէն վիրաւորուած է Վազաշէն գիւղի 3 խաղաղ բնակիչ եւ մէկ պայմանագրային զինուոր: Բարեբախտաբար վիրաւորներուն կեանքը վտանգուած չէ: «Հակառակորդը գործածած է հրաձգային զէնք ու ականանետեր», յայտնած է Յովհաննիսեան:
Ըստ անոր, ընդհանուր առմամբ Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի զօրքերուն հետ շփման գիծին վրայ կրակոցներու յաճախականութիւնը նուազած է նախորդ օրերուն հետ բաղդատելով: «Յոյս ունինք, որ միտումը շարունակուի», յայտնած է ան:
Խօսելով այժմու լարուածութեան պատճառներուն մասին` Յովհաննիսեան ընդգծած է, որ անիկա արհեստական բնոյթ կը կրէ: «Քանի մը օր առաջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը յայտարարութիւն մը կատարեց միջազգային մարդասիրական չափանիշերը պահպանելու մասին, սակայն, մոռնալով նշել, որ լարուածութեան պատճառը ազրպէյճանական կողմի սադրիչ գործողութիւններն են», նշած է Յովհաննիսեան: Ըստ անոր, «ազրպէյճանական զինուժը բեմական ներկայացում մը ցուցադրած է ազրպէյճանական հարսանիքի «գնդակոծումով» եւ սեփական սադրանքը օգտագործած է հայկական սահմանամերձ գիւղերը գնդակոծելու համար»:
Հայկական կողմի պատասխան գործողութեան արդիւնքը յստակ է. ազրպէյճանական գիւղերուն մէջ խուճապ կը տիրէր, բնակիչները զանգուածաբար կը լքէին շրջանները, ազրպէյճանական բանակը կորուստներ կը կրէր եւ կը փորձէր թաքցնել զանոնք: «Այդ ամէնը արտայայտուած է ազրպէյճանական մամուլին մէջ», նշած է Յովհաննիսեան:
«Հակառակորդին սադրանքը անպատասխան պիտի չմնայ: Միաժամանակ հայկական կողմը կը կատարէ կարելի ամէն բան, որպէսզի թոյլ չտայ իրավիճակի հետագայ լարումը», ընդգծած է Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ ներկայիս սահմանին վրայ իրավիճակը խաղաղ է:


