Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Պիտի Առաջարկէ Հակամենաշնորհային Քաղաքականութիւնը Ներառել Սահմանադրութեան Մէջ

September 5, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lourtch_9-04-15

4 սեպտեմբերին` սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ խորհրդարանական ունկնդրութիւններուն ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան հանդէս եկած է հարցում-առաջարկներով:

Ան նախ շեշտած է ունկնդրութիւններու եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբի հետեւողական պատասխաններուն կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք պիտի օգնեն շատերուն, որ լիարժէք կերպով պատկերացնեն, թէ նոր սահմանադրութեամբ ի՛նչ կ՛առաջարկուի եւ կը փարատէ անոնց մտահոգութիւններն ու կասկածները:

Պատգամաւորը նշած է, որ իր առաջարկները ուղղուած են հասարակական հատուածի աշխուժ ներկայացուցիչներուն: Ըստ Մինասեանի, բազմիցս ըսուած է, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացման խոչընդոտներէն մէկը մենաշնորհներու առկայութիւնն է: «Գործող սահմանադրութեան կարելիութեամբ կարելի չէ աշխուժ  հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն վարել: Պէտք է առաջարկել դրութիւն մը, եւ մենք հիմա կ՛աշխատինք անոր շուրջ, որպէսզի հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը դառնայ սահմանադրական կանոն», բացատրած է Արծուիկ Մինասեան:

Պատգամաւորին միւս առաջարկը կը վերաբերէր Կեդրոնական դրամատան գլխուն. ան առաջարկած է այնտեղ թուարկուած գիներու ու ֆինանսական կայունութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները սահմանադրութենէն հանել եւ օրէնքի կարգաւորման դաշտ փոխադրել:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեան նշած է, որ եթէ հակամենաշնորհային կանոն  առաջարկուի` սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու համար, ապա սիրով պատրաստ են զայն քննարկելու, ամրագրելու:

«Բազմաթիւ դրոյթներ, որոնք ամրագրուած են նոր սահմանադրութեան նախագիծին մէջ, եղած են շնորհիւ Դաշնակցութեան առաջարկներուն եւ ջանքերուն: Եթէ ըլլայ առաջարկ` հակամենաշնորհային կանոնը  ներառելու սահմանադրութեան մէջ, ապա մենք պատրաստ ենք միասին  աշխատելու գտնելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներ», ըսած է ան:

Վարդան Պօղոսեան նշած է, որ չունի լիազօրութիւն պատասխանելու այն հարցումին, թէ անհրաժե՞շտ է արդեօք Ա. Մինասեանի երկրորդ առաջարկով նշուած ձեւակերպումները հանել գործող սահմանադրութենէն: Ան բացատրած է. «Կը կարծեմ` ասիկա կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ լրջագոյն քննարկման պէտք է արժանանայ: Կրնամ միայն վստահեցնել, որ սահմանադրական յանձնախումբը ամենայն լրջութեամբ պիտի մօտենայ այս հարցին»:

 

 

Նախորդը

Նախագահը Գլխաւորած Է Կառավարութեան Արտահերթ Նիստը

Յաջորդը

Երկու Զինուոր Զոհուած Է Ազրպէյճանական Սահմանային Կրակոցներէն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.