
Եգիպտական կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երկու երկիրներուն սահմանին մօտ հինգշաթի օր եգիպտացի հինգ զինուորներու սպանութենէն ետք Իսրայէլի կողմէ ներկայացուած ներումի հայցի եւ ցաւ յայտնող յայտարարութիւնը «դէպքի տարողութեան համապատասխան չէ»:
Եգիպտոսի կառավարութիւնը իր հրապարակած հաղորդակցութեան մէջ կը նշէ, որ «թէեւ իսրայէլեան հաղորդագրութիւնը երեւութապէս դրական էր, սակայն դէպքին տարողութեան եւ իսրայէլեան վարմունքին դէմ եգիպտական զայրոյթին համապատասխան չէ»:
Գահիրէ շեշտեց, որ Իսրայէլի հետ դէպքին շուրջ միացեալ քննութեան աւարտին կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է ճշդուի ժամկէտ մը: Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ «մինչ Եգիպտոս Իսրայէլի հետ խաղաղութեան նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը կը յայտնէ, Իսրայէլ պէտք է իր կարգին այդ խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ»:
Եգիպտական պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ Գահիրէ սահմանին վրայ եգիպտացի ոստիկաններուն սպանութեան իբրեւ բողոք Իսրայէլի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է: Իսրայէլ յայտնեց, որ Գահիրէի այս որոշումէն տեղեակ չէ պահուած:
Միւս կողմէ, Ահմետ Շահաթ անունով եգիպտացի երիտասարդ մը Գահիրէի մէջ իսրայէլեան դեսպանատունը ներառող բնակարանային շէնքին առջեւ ժողովրդային ցոյցին ընթացքին մինչեւ 18-րդ յարկ մագլցելով դեսպանատունը հիւրընկալող յարկաբաժինի պատշգամէն վար առաւ իսրայէլեան դրօշը եւ անոր տեղ բարձրացուց եգիպտական դրօշը: Երիտասարդը անմիջապէս հերոսի մը վերածուեցաւ ցուցարարներուն կողմէ, որոնք զինք մեծարեցին եւ կոչեցին «եգիպտացի սփայտըրմենը»:
Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես յայտարարեց, որ Սինա թերակղզիին մէջ խաղաղութեան հաստատումը Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի շահերէն կը բխի: Ան եգիպտացի ժողովուրդին եւ սպաննուած եգիպտացի ոստիկաններուն ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնեց:


