Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞Վ Լսած Է Քէսիրիկի Մասին

September 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

C_2-Kesirig_9-04-15Երբ ունեցայ Քէսիրիկի ընդհանուր միութեան ծրագիր-կանոնագիրը պարունակող պրակը (տպուած` Պոսթըն, 1925), ամէն բանէ առաջ հարց տուի ես ինծի` թէ ո՞ւր կրնար գտնուիլ այս բնակավայրը…

Վստահ էի քաղաք մը չէր Քէսիրիկը, որովհետեւ երբեք չէի լսած այս անունը:

– Կ՛երեւի թէ գիւղ մըն է,- մտածեցի, միւս կողմէ ալ զարմանալով, որ աննշան գիւղի մը փոքրաթիւ վերապրող գիւղացիները կրնան կազմած ըլլալ իրենց յատուկ հայրենակցական միութիւն մը:

Քարտէսներ բացի, քանի մը գիրքեր պրպտեցի ու… գտա՛յ Քէսիրիկը:

Խարբերդի գիւղերէն մէկն է եղեր: Ենթադրելի էր ասիկա, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որ Եղեռնէն առաջ իսկ մեծաթիւ խարբերդցիներ գաղթեցին Ամերիկա ու կորիզը կազմեցին այնտեղի գաղութին:

Քարտէսի վրայ, ԽԱՐԲԵՐԴ քաղաքի անմիջապէս մօտը կը գտնուի ՄԵԶՐԷՆ, որ նահանգին վարչական կեդրոնն էր` Մամուրեթ Իւլ Ազիզ անունով: Այդտեղ` Մեզրէի մէջ ծնած էր Վահան Թոթովենցը «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ» ինքնակենսագրական վէպին տարաբախտ հեղինակը:

Մեզրէի շուրջ էին`

ՓԷՐՉԷՆՃ գիւղը, ուր ծնած էր մեր նշանաւոր գիւղագիր Համաստեղը,

ՀԻՒՍԵՆԻԿ գիւղը, ուր ծնած էր ամերիկահայ գրող Բենիամին Նուրիկեանը,

ԵՂԷԳԻ գիւղը, ուր ծնած էր Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան վշտակիր կաթողիկոսը:

Այս երեք գիւղերուն դրացի էր Քէսիրիկ գիւղը:

Արդեօք հոն ալ նշանաւոր դէմք մը չէ՞ր ծնած: Տեղեակ չեմ: Կ՛երեւի թէ պէտք է դիմել գրագէտ Վահէ Հայկի «Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը» 1500 էջանի կոթողային յուշամատեանին (1959, Նիւ Եորք), ուր վստահաբար լայն տեղեկութիւններ հայթայթուած պիտի ըլլան Խարբերդի երբեմնի հայաբնակ գիւղերուն մասին: Միայն թէ տեղ մը կարդացի, որ Քէսիրիկ զարմանալի առատութեամբ բանջարեղէն կ՛արտադրէր դէպի շրջակայ բնակավայրերը: Մեզրէի, Խարբերդի եւ միւս գիւղերու շուկաներն ու հրապարակները լեցուած կ՛ըլլան եղեր Քէսիրիկէն հայթայթուող թարմ (ու աժան) բանջարեղէններով… Քէսիրիկի համով կաղամբը անմրցելի է եղեր:

Այս բոլորին մէջ հետաքրքրականը այն է, որ Քէսիրիկի հայերը չեն փափաքած մէկտեղուիլ Խարբերդի Հայրենակցական միութեան երդիքին տակ, այլ նախընտրած են անջատ գործել: Քանի՞ հոգիով, քանի՞ տարի, ծանօթ չէ մեզի:

Է՜հ, անցեալին ի՜նչ աղուոր գիւղեր ունեցեր ենք:

Հիմա՞:  Մեր գլուխը հանգիստ տեղ մը դնելու յարմար քաղաք մը անգամ չենք գտներ…: Վկայ` Հալէպը…

 

 

Նախորդը

Մեր Յաջողութիւնների Եւ Յաղթանակների Հիմքը Հզօր Պետութիւնն Է. Բակօ Սահակեան

Յաջորդը

Սլաք. Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէնները Դատապարտուած Չեն Տապալման. «1915» Ժապաւէնը Դատապարտուա՛ծ Է

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.