Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Մասնակցինք Պըրրիի Առաջադրած Երկխօսութեան» Շեշտեց Զօր. Աուն

September 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Միշել Աուն
Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը:

Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք պիտի մասնակցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը այս կամ այն կողմին ներկայացուցիչը ըլլայ եւ այդ պատճառով ալ կը պահանջեն, որ նախագահը կարելի ըլլայ ընտրել ուղղակի լիբանանցիներուն հանրաքուէով:

Անդրադառնալով Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ընթացող ցոյցերուն` զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին անոնց, «սակայն մեզի համար հարցական է, թէ ո՞վ է այդ երիտասարդներուն մղիչ ուժը», հարց տուաւ ան:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ինք կը վախնայ «Արաբական գարուն»-էն, եւ մտահոգ է Լիբանանի վրայ «Արաբական գարնան» ունենալիք հետեւանքներէն: «Այդ գարունը արաբներուն դժոխքն էր, իսկ զիս ամէնէն աւելի մտահոգողը «Սի. Էն. Էն.»-ի հաղորդած այն «աւետիս»-ն էր, թէ Լիբանան կը գտնուի «Արաբական գարնան» սեմին», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն նշեց, որ երիտասարդներուն այսօրուան պահանջները իրենք տարիներէ ի վեր կը հետապնդեն, բոլոր այդ պահանջները արդար են, եւ կարեւորը այն է, որ անոնք զարթնած են:

Ան դիտել տուաւ, որ քաոսը լուծում չէ: «Եթէ լուծում կ՛ուզէք, պահանջեցէք ընտրութիւններու կայացումը, որովհետեւ անիկա միակ ձեւն է քաղաքական անձնակազմը փոխելու: «Միայն ընտրութիւններու ընդմէջէն կրնանք կեղտը մաքրել», ըսաւ զօր. Աուն եւ կոչ ուղղեց մասնակցելու ուրբաթ, 4 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կատարելիք ցոյցին:

Նախորդը

Ապտելլահեանի Լիբանան Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

Յաջորդը

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Բացարձակ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Պըրրիի Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.