Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում` Արժանթինի Դեսպանին Հետ

September 1, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

arg_8-31-15

31 օգոստոսին ՀՅԴ Բիւրոյի կեդրոնական գրասենեակի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիթիանի եւ  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի միջեւ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան:

Հանդիպումին նախաձեռնած էր դեսպանը` Հայաստանի կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ ծանօթացման տեսակցութիւններու ծիրին մէջ:

Հրանդ Մարգարեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համաշխարհային կառոյցն ու գործունէութիւնը` գնահատելով Արժանթինի դրական կեցուածքը հայ ժողովուրդին վերաբերող հարցերուն նկատմամբ: Ան նաեւ շեշտը դրած է հայ-արժանթինեան յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու կարելիութիւններուն եւ կարեւորութեան վրայ:

Աղուան Վարդանեան իր կարգին ներկայացուցած է Հայաստանի քաղաքական օրակարգի ներկայի գլխաւոր հարցին` սահմանադրական բարեփոխումներուն առնչութեամբ ՀՅԴ-ի տեսակէտը եւ հաստատած, որ Դաշնակցութիւնը այդ կեցուածքը ունեցած է 25 տարի առաջ:

Իր խօսքին մէջ դեսպանը գնահատած է Արժանթինի հայ գաղութին դերը հայ-արժանթինեան յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով` կարեւոր նկատելով կուսակցութիւններուն եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններուն դերը` միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ: Ան ընդգծած է, որ Արժանթին ընդհանրապէս կը փորձէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել իր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ եւ միշտ ալ կարեւոր կը նկատէ սկզբունքային մօտեցումները:

Հանդիպումը աւարտած է Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանատան եւ ՀՅԴ-ի կառոյցներուն միջեւ կապերը շարունակելու պայմանաւորուածութեամբ:

Տեսակցութեան ներկայ եղած են նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան եւ Արժանթինի դեսպանատունէն նախարար Ատրիանա Թրոթթան:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Վերաբերեալ Առաջարկներ Պիտի Ներկայացնէ Ազգային Ժողովին

Յաջորդը

Փինկ Փոնկ. Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ Եւ Փաթրիսիա Հոմսի` Լիբանանի Տարիքային Ախոյեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.