Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիզին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրավիճակն ու շրջանային զարգացումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ Թեհրան մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որոնք փառքի եւ արժանապատուութեան դիւցազներգութիւններ կերտած են:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա համոզուած է, թէ Լիբանանի մէջ տիրող քաոսի մթնոլորտը նպաստաւոր է, որ իր կուսակցութիւնը շարունակէ տիրական ուժ մնալ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ շրջանի երկիրները պէտք է օգտուին Իրանի  երկարած գործակցութեան ձեռքէն եւ դրական կերպով մօտենան այդ առաջարկին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ Լիբանանի ապահովութեան համար ի գործ դրուած ջանքերը պէտք է արժանի ըլլան բոլորին գնահատանքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ սէուտցի քաղաքացիներուն հասցէին կատարուած զգուշացումը ուղղակիօրէն կապուած է Պէյրութի մէջ արձանագրուած վերջին դէպքերուն եւ կը բխի Ռիատի կողմէ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութենէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ առաջարկած է լիբանանեան բանակի գնդապետ-զօրավարներէն տասը հոգիի աստիճանը բարձրացնել հազարապետ-զօրավարի: Այս իմաստով Հէյլի թեկնածուներէն են նաեւ բանակի մասնայատուկ ուժերու հրամանատար Շամել Ռուքոզ եւ գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել:

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ կառավարութիւնը կը յայտնէ, թէ ինք մտադիր է Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութիւն տրամադրելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենց համար կարեւորագոյնը կը մնայ կառավարութեան մէջ համագործակցութիւնն ու հանրապետութեան նախագահին իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման տարելիցին առիթով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ արտասանուելիք խօսքը նորութիւններ պիտի պարփակէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ կարելի ըլլայ յանգիլ համաձայնութեան մը, որ կը պահպանէ հանրապետութեան նախագահութեան կշիռը:

 

 

 

Նախորդը

Ռուսիան. «Ամենայն Պատասխանատուութեամբ Կը Մօտենայ Մինսքի Խմբակին Մէջ Իր Պարտաւորութիւններուն»

Յաջորդը

Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ Կը Տիրէ Զգուշաւոր Խաղաղութիւն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.