Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

August 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնեց, որ Փարիզ կրնայ վերատեսութեան ենթարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու իր որոշումը, եթէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ֆրանսական ջոկատին դէմ այլ յարձակում մը գործուի:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ զօրակցութիւն յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն կեցուածքին, թէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրին մէջ արձանագրուած փաստերը բաւական տկար են:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուներէն, նկատել տուաւ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը կ՛օգտագործուի իբրեւ զէնք` Լիբանանի անդորրը խանգարելու: Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ Միջազգային դատարանին կողմէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վերաբերող ամբաստանագիրը արձակուած է, երբ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը սկսած է խաղաղիլ:

«ՆՈՒՐ» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի չորս անդամներ ձերբակալուած են` Աքքարի մէջ տեղի ունեցած իֆթարի մը ընթացքին ներկաներուն վրայ կրակ բանալու եւ անոնցմէ քանի մը հոգին վիրաւորելու յանցանքով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուները յայտնեցին, որ ըստ նախագահին, Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորուած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը այս իմաստով արտաքին երաշխիքներ ստացած է: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին նաեւ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարեւորութիւնը` ամրապնդելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրը ձախողած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան հարցերը կարելի չէ փողոցին մէջ լուծել, որովհետեւ քաղաքական կողմի մը համակիրներուն կիրքերը հրահրելով` այլ փողոցներ եւ այլ ուժերու համակիրներ իրենց կարգին կրնան ըմբոստանալ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը տապալելը ազգային պարտականութիւն է եւ անհրաժեշտութիւն:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Սայիտ Միրզա յայտնեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները կը շարունակեն Միջազգային դատական ատեանին հետ իրենց ամբողջական գործակցութիւնը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր եւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեցին, որ կառավարութիւնը իր երեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին պիտի վաւերացնէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման նպատակով պատրաստուած օրինագիծը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հիւպատոսական անձնակազմի նախագահ Ժոզեֆ Հապիսը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւպատոսական աշխատանքները բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման յատուկ օրինագիծը համախոհութեամբ պէտք է վաւերացուի կառավարութեան կողմէ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրէ ետք թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ` խախտելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախկին անդամներ իրենց ընթացիկ նիստէն ետք կոչ ուղղեցին պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապազինման, ինչպէս նաեւ գաղթակայաններէն դուրս գտնուող պաղեստինեան զէնքին յանձնումին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. 2020-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՅԱՐԻՐ ՈՒ ԱՆՊԱՏՇԱՃ Է

Յաջորդը

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ. «ԷՐՏՈՂԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ՍԻՈՆԱԿԱՆ ՈՒՂԵԳԻԾԻՆ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.