Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. 2020-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՅԱՐԻՐ ՈՒ ԱՆՊԱՏՇԱՃ Է

August 20, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա այսօր Ողիմպիական միջազգային կոմիտէին պիտի ներկայացնէ 2020-ի Ողիմպիական ամառնային խաղերը հիւրընկալելու իր դիմումնագիրը: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ, 13 օգոստոսին Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու Պոլսոյ թեկնածութիւնը առաջադրելով` յայտարարեց, որ «մենք մեր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրենք, որովհետեւ մարզական արժէքներն ու ողիմպիական ոգին, որոնք աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման մէջ մեծ ներդրում ունեցած են, շատ կարեւոր կը նկատենք»: Սակայն անոր յայտարարութիւնը չի կրնար ծածկել այն իրողութիւնը, որ գործնական գետնի վրայ Թուրքիան շատ հեռու է ողիմպիական արժեչափերէն` բարեկամութենէն, կատարելութենէն եւ յարգանքէն:

Թուրքիա չի յարգեր բարեկամութեան սկզբունքը, որովհետեւ 1993-էն ի վեր շրջափակուած կը պահէ իր դրացի Հայաստանը, 1974-էն ի վեր բռնագրաւած է այժմ Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը, 1939-ին` Սուրիոյ Ալեքսանտրէթի նահանգը, յաճախակի կերպով կը բռնաբարէ Իրաքի հողային եւ օդային տարածքները: Այսպիսի յարձակողապաշտ վարմունք կը հակասէ Ողիմպիական բարեկամութեան արժեչափին:

Թուրքիա չի յարգեր նաեւ մարդկային իրաւունքներն ու իր փոքրամասնութիւնները: Այդտեղ գրականութեան նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքի նման գրագէտներ ու մտաւորականներ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին հիմամբ դատական հայցեր կը դիմագրաւեն եւ մահուան սպառնալիքներ կը ստանան` Հայոց ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը խօսելով «թրքութիւնը աղարտելու» իրենց «յանցանքին» համար: Ո՞վ չի յիշեր պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի դէմ յարուցուած հազար ու մէկ դատական հայցերը, մահուան սպառնալիքներն ու օր ցերեկով սպանութիւնը: Ո՞վ չի յիշեր Տինքը սպաննելէ ետք ձերբակալուած ոճրագործ Օկիւն Սամասթին հետ ոստիկաններուն լուսանկարները: Թուրքիա կը շարունակէ իր փոքրամասնութիւններուն` քիւրտերուն, հայերուն եւ յոյներուն քաղաքացիական եւ մարդկային իրաւունքները բռնաբարել: Հակառակ անոր որ թրքական սահմանադրութիւնը բոլոր քաղաքացիները իրարու հաւասար կը նկատէ, սակայն անոնք գործնականին մէջ հիւրեր կը նկատուին եւ խտրականութեան կ՛ենթարկուին: Փոքրամասնութիւնները պետութեան եւ բանակին մէջ բարձրաստիճան կամ ընդհանրապէս պաշտօններ չեն կրնար վարել: Ուրեմն Թուրքիան հեռու է նաեւ ողիմպիական յարգանքի արժեչափէն եւս:

Հետաքրքրական է, որ 1912-ին Շուէտի մէջ Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին շուէտական իշխանութիւնները, թրքական հերթական բռնութիւններու դէմ իբրեւ բողոք, այլ մասնակից երկիրներու դրօշներուն կարգին Թուրքիոյ դրօշը չէին բարձրացուցած: Այդ դրօշը բարձրացաւ շնորհիւ Վահրամ Փափազեանի եւ Մկրտիչ Մկրեանի, որոնք թրքական մարմնակրթութեան պատմութեան մէջ Ողիմպիական խաղերու առաջին պաշտօնական մասնակցութեան ընթացքին Օսմանեան կայսրութիւնը կը ներկայացնէին: Ոչ թէ պետական ֆինանսաւորումով, այլ համահայկական հանգանակութեամբ Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայ երկու մարզիկները շուէտական իշխանութեանց քայլը իրենց հայրենիքին նկատմամբ նախատինք նկատելով սպառնացին պոյքոթի ենթարկել խաղերը: Հակառակ անոնց այս հայրենասիրական արժանապատիւ կեցուածքին, Շուէտի մէջ Թուրքիոյ օրուան դեսպանը` խզելով նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, հայ մարզիկներուն կողքին տողանցելու «անախորժ կացութենէն» խուսափելու համար բացման հանդիսութեան չմասնակցեցաւ: Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ իրենց հայրենիքին պատւոյն նախանձախնդիր այդ հայ մարզիկները 1912-ի Շուէտի Ողիմպիական խաղերէն հազիւ երեք տարի ետք, թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած ու գործադրուած իրենց հայ ազգակիցներուն, ասորիներուն եւ յոյներուն ցեղասպանութեան ականատես պիտի դառնային:

Նոր օսմանական Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան յայտարարեց, որ 2020-ի Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու իր երկրին թեկնածութիւնը «բարի կամեցողութիւն եւ հանդուրժողականութիւն ստեղծելու համար է», «Պոլիս կ՛ուզէ փոփոխութեան բեմահարթակ մը ըլլալ» եւ «կրնանք աշխարհը միացնող կամուրջը ըլլալ»: Սակայն Թուրքիա իր վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան պատճառով շատ հեռու է բարի կամեցողութեան, հանդուրժողականութեան եւ միասնականութեան կամուրջ ըլլալու կոչումէն:

Ողիմպիական միջազգային կոմիտէն 7 սեպտեմբեր 2013-ին Պուէնոս Այրեսի իր նիստին աւարտին պիտի յայտարարէ հիւրընկալ քաղաքին անունը: Իբրեւ լիբանանցիներ, թէեւ մեր զօրակցութիւնն ու համակրանքը Պէյրութի եղբօր` Տոհայի հետ են, 2020-ի Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու մնացեալ թեկնածուները` Հռոմը, Մատրիտն ու Թոքիոն եւս այդ պատիւին արժանի թեկնածուներ են, սակայն Պոլսոյ թեկնածութիւնը Ողիմպիական խաղերու ոգիին կատարելապէս անյարիր ու անպատշաճ է, եւ այս է ողիմպիական կատարելութեան արժեչափին հետ անոր միակ կապը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախորդը

ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ. ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԻՐ ԽԱՅՏԱԲՂԷՏ ԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ` ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ՍԵՂԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.