ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Մեկնելով Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Երեւանի տան ներկայի անմխիթար վիճակին նկատմամբ մտահոգութենէն` այսօր եւ յաջորդաբար սոյն սիւնակով լոյս կ՛ընծայենք յօդուածներու շարք մը` նշեալ տան խորհրդանշանականութիւնը եւ վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը շեշտադրող:
Պետականութեան գաղափարը սրբութիւն սրբոց է հայ ազգին համար, որովհետեւ 6 դարու պետականազուրկ գոյութենէ եւ ստրկութենէ ետք, բազում զոհողութիւններու գնով հայութիւնը վերականգնեց իր պետական տունը, որ երաշխիքը դարձաւ ազգին անկախութեան եւ ազատութեան: Ազգովին կը գտնուինք հայկական պետականութեան վերականգնման` Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին սեմին, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ հայութիւնը նոյնքան ծանր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, որքան շուրջ 100 տարի առաջ, որովհետեւ այսօր ալ վտանգուած կը մնայ հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը եւ հայոց հայրենիքի մնացորդացին ամբողջականութիւնը: Բայց այսօր ալ նոյն կորովով, միեւնոյն վճռականութեամբ, ինչպէս 100 տարի առաջ, պարտինք ծառանալ ցցուած վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն դէմ, պէտք է ընել կարելին եւ անկարելին` հայութեան վախճանական նպատակներուն իրականացման համար:
Եւ ասիկա ընելու համար մենք վստահաբար կարիքը ունինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտած մարդոց արժանիքներուն: Ազգային արժէքները պատահականութեան ծնունդ չեն երբեք, այդ արժէքները ազգին հաւաքական պայքարին ծնունդներն են: 25 տարի առաջ էր, երբ այն օրերու Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը հրապարակեց Անկախութեան հռչակագիրը: Այդ հռչակագիրին հիմնական գաղափարներէն մէկը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ազգային արժէքներուն վերականգնումն էր, այդ հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդութիւններուն զարգացումը: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան աւանդութիւններուն կատարուած ուղղակի ակնարկութիւնը Անկախութեան հռչակագիրին մէջ երաշխիք էր, որ անկախութեան վերականգնումէն ետք ազգային արժէքները, ըլլան անոնք խորհրդանիշներ կամ անհատներ, իրենց արժանի յարգանքի պատուանդանին վրայ դրուին:
Սակայն դժբախտաբար տակաւին արժանին չէ մատուցուած Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան արժէքներուն: Բացի հատուկենտ պարագաներէ, այդ հանրապետութիւնը կերտողներուն մեծամասնութեան աճիւնները տակաւին իրենց վերջնական հանգիստը չեն գտած հայրենի հողին մէջ: Բայց նաեւ, մանաւանդ պատմաբանները տակաւին իրենց անաչառ խօսքը պէտք է ունենան ըսելիք այդ մարդոց կատարած գործին եւ խօսքին մասին:
Ամբողջութեամբ ուրիշ պարագայ մըն է սակայն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գլխաւոր հիմնադիր Արամ Մանուկեանի պարագան: Պատմական անուրանալի փաստ է, որ առանց այս մարդուն կարելի պիտի չըլլար երեւակայել հայկական կորուսեալ պետականութեան վերականգնումը: Իր ջանքերուն շնորհիւ էր մանաւանդ, որ 1918-ի մայիսեան այդ ճակատագրական օրերուն, երբ հայութիւնը մահ ու կենաց պայքար կը մղէր Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն մէջ, թիկունքը պահուեցաւ Երեւանի մէջ: Հանրապետութեան յայտարարութենէն ետք, մինչեւ Ազգային խորհուրդին Թիֆլիսէն Երեւան հասնիլը եւ իշխանութիւնը ստանձնելը, ինք եղաւ կառավարման աշխատանքները կատարող գլխաւոր անձնաւորութիւնը, եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք ալ անոր վստահուեցան ներքին գործոց նախարարի պատասխանատու պաշտօնին պարտականութիւնները:

Պարզապէս ընդվզեցուցիչ է այն երեւոյթը, որ Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ ճակատագրորոշ, հիմնական դերակատարութիւն ունեցած մեծ անձնաւորութեան մը, ինչպիսին էր Արամ Մանուկեանը, արժանի յարգանք չմատուցուի արդի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Այսօր Երեւանի Գլխաւոր պողոտայի եւ Աբովեան փողոցի հատման մասէն 50 մեթր դէպի Մաշտոցի պողոտայ կը գտնուի Արամ Մանուկեանի տունը, ուր ան ապրած է 1917-1919 եւ մահացած բծաւոր տիֆի հիւանդութեան պատճառով: Կարելի չէ նկարագրել տան պարզած ներկայ անմխիթար վիճակը: Անոր վրայ միակ մխիթարական բանը պաշտօնական ցուցանակն է, ուր գրուած է` «Այս տանն է ապրել եւ մահացել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը 1917-1919»: Տունը վերածուած է կատարեալ աղբանոցի, ներքին բաժանումները գոյութիւն չունին, տանիքը փուլ եկած է, տան մէջ բուսած են պատահական ծառեր, որոնց հասակը կը հասնի երբեմնի տանիքին, տունէն մնացած է միայն արտաքին կմախքը` խարխլած վիճակի մէջ: Եւ հարց կու տանք. այսպիսի՞ վերաբերմունքի արժանի էր հանրապետութեան հիմնադիրին տունը:
Վստահաբար ո՛չ: Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նախօրեակին միակ ճիշդ վերաբերումը պիտի ըլլայ այդ տունը վերականգնել ճիշդ ինչպէս որ էր` առանց ձեւախեղման, եւ զայն վերածել տուն-թանգարանի: Ասիկա կոչուած է մեծագոյն նուէրը դառնալու հայութեան` հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:


