Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

… Բայց Ճշմարտութիւնը Կը Սիրենք

August 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

0820charles-aznavour

Լափալիսեան ըլլալու չափ հանրայայտ իրականութիւն է, որ երգիչ, յօրինող եւ բանաստեղծ Շարլ Ազնաւուր համաշխարհային հռչակ կը վայելէ: Ֆրանսական երգարուեստին վրայ  դրած է այնպիսի կնիք մը, որ կը զանցէ զուտ ֆրանսական մշակոյթին սահմանները:

Այնպէս որ, միլիոնաւորներու նման, այս յօդուածագիրը եւս կը սիրէ Ազնաւուրին արուեստը ու կը հիանայ ատով:

Պայման չէ, որ փայլուն զինուորական մը նոյնքան փայլուն քաղաքական դէմք ըլլայ, ոչ ալ պայման է, որ դիւանագէտ մը զուտ զինուորական ռազմադաշտի ենթադրած հմտութիւն ցուցաբերէ: Ազնաւուր ինք եւս կ՛իյնայ այս տրամաբանութեան մէջ, բացառութիւն չէ:

Այսպէս, ֆրանսական «Փլեն Վի» թերթին իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին («Ասպարէզ», հինգշաբթի, յուլիս 20, առնուած` Պոլսոյ «Մարմարա»-էն), աշխարհահռչակ արուեստագէտը կ՛արտայայտէ միտքեր, որոնք չեն յենիր ճշմարտութեան խարիսխին վրայ: «Ասպարէզ»-ի հաղորդած լուրին մէջ, Ազնաւուրին կը վերագրուի միտք մը (թէեւ ոչ բառացի թարգմանութեամբ), ըստ որուն «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի հանգստացնէ երկու ժողովուրդները ու պիտի նպաստէ Թուրքիա- Հայաստան սահմանը բանալու ջանքերուն»:

Արուեստագէտը պէտք է գիտնար քանի մը կարեւոր կէտեր:

Առաջին. հայ ժողովուրդին մղած պայքարը ոչ թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար է, այլ իր արդար իրաւունքներուն վերատիրանալուն: Այնպէս որ, այդ ճանաչումով «հանգստանալու» տրամադրութիւն պէտք չէ վերագրուի հայութեան:

Երկրորդ. անիմաստ պնդում է, որ ճանաչումը «պիտի նպաստէ» Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացումին: Անիմաստ որովհետեւ դարձեալ, հայութեան պայքարին թիրախը Թուրքիոյ կողմէ փակուած սահմանին վերաբացումը չէ: Շատ պարզ:

Շատ հաւանական է, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ ՆՊԱՍՏԵԼ հայ-թրքական կնճիռի լուծումին: Կնճիռ մը, որ Ցեղասպանութենէն շա՜տ առաջ գոյութիւն ունէր, եւ նոյն այդ կնճիռը արդար կերպով լուծելու նպատակով ծնունդ առած էր հայկական ազատագրական շարժումը 19-րդ դարու վերջին քառորդին:

Ինչ որ կ՛ըսենք, բարդ վերլուծումներ չեն, այլ` պարզ ճշմարտութիւններ, որոնցմէ կրնայ անտեղեակ ըլլալ Ազնաւուր: Անպայման մեղադրական շեշտ չկայ մեր դիտարկումին մէջ: Անտեղեակ ըլլալը յանցանք չէ, սակայն անտեղեակ ըլլալով հաստատումներ կատարելը ընդունելի չէ:

Բայց շարունակենք:

Ազնաւուր ապա կ՛ըսէ (այս մէկը բառացի մէջբերում է). «Թուրք երիտասարդութիւնը այլեւս յոգնեցաւ միշտ իբրեւ յանցաւոր տեսնուելէն: Անոնց պապերը շատ փայլուն մարդիկ չէին, բայց սխալ է երիտասարդները մեղադրել ու զանոնք իրենց պապերուն մակարդակին դնել»:

Հոս եւս Ազնաւուրի խոփը քարին կը դպչի: Հասկնալի չէ, թէ ինչո՛ւ կ՛առանձնացուի թուրք «երիտասարդութիւնը» եւ յետոյ, ո՞վ է զանոնք մեղադրողը, կամ զանոնք իրենց հայրերուն մակարդակին դնողը (մակարդակի խնդիր ալ չկայ):  Ազնաւուր պէտք է գիտնար մինչեւ հիմա, որ հարցը սերունդի հարց չէ: Հարցը քաղաքական բնոյթ ունի եւ մեր խնդիրը ո՛չ թուրք երիտասարդութեան հետ է, ո՛չ ալ… չափահասներուն: Մեր խնդիրը Թուրքիոյ (իբրեւ պետութիւն) ու անոր քաղաքական ու պետական ղեկավարութեան հետ է:

Մենք չենք կրնար Թուրքիոյ համալսարանական ուսանողներէն կամ հողամշակութեամբ զբաղող գիւղացիներէն պահանջել մեր արդար իրաւունքները: Մեր իրաւատիրութեան թիրախը Թուրքիան է, իբրեւ պետութիւն:

Մեր հարցը չէ, թէ թուրք «երիտասարդութիւնը» յոգնա՞ծ է, թէ՞ առոյգ, եւ թէ ի՞նչ բանէ յոգնած է: Այս հաստատումը ոչ մէկ կապ ունի մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու խնդրին հետ: Ամերիկացիք կ՛ըսեն` «Չես կրնար նարինջն ու խնձորը իրարու բաղդատել», որովհետեւ նարինջը նարինջ է, խնձորն ալ` խնձոր:

Այնպէս որ, երբ Ազնաւուր կը կատարէ հաստատումներ էապէս քաղաքական խնդիրներու մասին, առանց նուազագոյն ծանօթութիւնը ունենալու քաղաքական աշխարհի հիմնական սկզբունքներուն հետ (տակաւին չենք խօսիր նրբերանգներուն մասին…), իբրեւ արուեստագէտ եւ մտաւորական. ան ոչ մէկ ձեւով նպաստած կ՛ըլլայ արդարութեան վերահաստատման:

Իսկ արուեստագէտը արդարութեան, ճշմարտութեան ձայնն է, որ պէտք է հնչեցնէ:

Այս բոլորէն ետք սակայն, Ազնաւուր արուեստագէտին նկատմամբ մեր համակրանքը չի պակսիր: Զինք շատ կը սիրենք, բայց կայ բան մը, զոր իրմէ՛ աւելի կը սիրենք…

20 օգոստոս 2015

vproodian@gmail.com

Նախորդը

Համբոն Չի Գիտեր, Որ Ինք Հականարգիսական Է

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-Ամեակի Սեմին. Արամ Մանուկեանի Տունը Պէտք Չէ Մնայ Կիսաքանդ Վիճակի Մէջ

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.