Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղին. Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 22-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

August 22, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

mher-3_8-21-15

Արցախեան ազատամարտի նուիրեալ, գաղափարապաշտ հայորդի Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը յարգելու առիթ մը ստեղծեց  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղը` կազմակերպելով Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 22-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ մը երէկ` ուրբաթ, 21 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին դիմաց:

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբի մուտքը պատած պաստառը կը պատգամէր Մհեր Ջուլհաճեանի խօսքը. «Նպատակը կը մնայ նոյնը. «Դէպի երկիր»  կոչը կը մնայ ի զօրու բոլորիս. մա՛հ ընկրկումին ու նահանջին»:

mher-4mher-2_8-21-15mher-1_8-21-15Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴ քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քեւըն Պոսնոյեան: Ան ըսաւ, թէ Մհեր Ջուլհաճեան`«Դէպի երկիր» կարգախօսին գաղափարապաշտը, փառքն ու վայելքը ձգելով մեկնած է հայրենիք, ապա` Արցախ, պայքարելու եւ մինչեւ վերջին շունչ դիմադրելու թշնամիին: Ան հաստատեց, որ արցախեան ազատագրական պայքարը կը մնայ սրբազան հանգրուան մեր պատմութեան մէջ, եւ պէտք է ըլլայ երիտասարդութեան հիմնական նպատակը: Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութիւնը օրինակ պէտք է դառնայ բոլոր անոնց, որոնք ձուլման վտանգին ենթարկուած են, իսկ  երիտասարդութիւնը պէտք է գիտնայ, թէ մայրենի հողը կը մնայ ամէն շահէ, ամէն վայելքէ վեր:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը պատմէր Արցախի ազատագրական պաքարի մէջ իր դերն ու գործունէութիւնը ունեցած Մհեր Ջուլհաճեանի մասին:

mher-5Օրուան բանախօսն էր Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան ըսաւ, թէ «հաւաքուած ենք, որպէսզի Մհերի յիշատակով զօրանանք, վերանորոգենք մեր պայքարը, ոգեւորուինք նահատակ ազատամարտիկներու քաջագործութիւններով»: Ան նշեց, որ մհերները, թաթուլները, վիգէնները ազատագրեցին մեր հողը, պատմական դաս մը տուին ազրպէյճանցիներուն, բայց  այսօր հողը պահպանելու խնդիր ունի տակաւին հայութիւնը:  Մհեր 22 տարի առաջ իր ընտանիքէն հեռացաւ, իսկ այսօր հայ ընտանիք պահելը դժուարացած է, ընտանեկան սրբութիւնները օրըստօրէ նահանջի մէջ են:

Րաֆֆի Տեմիրճեան նաեւ յայտնեց, որ Մհեր իր նահատակութեամբ հաստատեց, որ Դաշնակցութեան մէջ չկան միայն գրիչի կամ զէնքի զինուորներ: Երբ ահազանգը հնչէ, դաշնակցականը կը հասնի ամէն տեղ ու կը կատարէ իր պարտականութիւնը: Ապա աւելցուց. «Դաշնակցութեան ծոցէն անպայմանօրէն պիտի ծնին նոր մհերներ: Այսօրուան երիտասարդութիւնը գիտակից է, որ հաւատարիմ է իր առաքելութեան եւ պատրաստակամ է շարունակելու երթը: Իսկ երթի շարունակութեան գաղտնիքները Դաշնակցութեան արժէքներն են. ընկերասիրութեամբ, գաղտնապահութեամբ, կարգապահութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, զոհաբերումի ու նուիրումի ոգիով պէտք է առաջնորդուինք, սերունդներ պատրաստենք, վերաթարմանանք ու վերափոխուինք»:

Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ Մհեր Ջուլհաճեանի եւ իր ընկերներուն ճիգերով Արարատին հասնելու ճամբան Արցախէն անցած է: «Կը հաւատանք, որ Արարատ տանող ճամբան ալ պիտի ազատագրենք, որովհետեւ մեր դատը արդար է, եւ իրաւունքը մերն է: Մհերը վերէն պիտի լուսաւորէ մեր ճամբան, որպէսզի վաղը միասնաբար տեսնենք ամբողջական Հայաստանի լոյսը», ընդգծեց Րաֆֆի Տեմիրճեան:

Ձեռնարկին ընթացքին երիտասարդները բոլոր ներկաներուն բաժնեցին փոքրիկ պաստառներ` Մհեր Ջուլհաճեանի դիմանկարն ու խօսքը կրող:

Նարեկ Ճէմճէմեան եւ Նարեկ Մինասեան ապրումով ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի «Կարմիր հողը» կտորը: Յարութ Լափաճեան ոգեւորեց մթնոլորտը` մեկնաբանելով փունջ մը յեղափոխական երգեր:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգով:

 

 

Նախորդը

Վահանը

Յաջորդը

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը. Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն (1919-1939)» Նորատիպի Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.