Խաղաքարտը
(Թուրքեւխորհրդային «Բարեկամութեան Սահմանները»)
Բ.
Մի՛շտ նոյն դիւային խաղն է եւ այդ խաղին մէջ միշտ նոյն խաղաքարտն է – Հայ դատը -, որ դաւանենգօրէն կը շահագործուի եւ աճուրդի կը հանուի հիւսիսի եւ հարաւի քաղաքական մթին շուկաներուն մէջ:
Ամէն անգամ որ Ռուսիա – ցարական կամ խորհրդային – պէտք կ՛ունենայ Թուրքիոյ բարեկամութեան, ուրանալով կ՛ուրանայ եւ մերժելով կը մերժէ – ըսէ՛ եւ կրկնէ՛ – Հայ դատին գոյութեան իրաւո՛ւնքն անգամ:
Միւս կողմէ, ամէն անգամ որ այդ բարեկամութիւնը կը զլացուի իրեն Թուրքիոյ կողմէ, Մոսկուա յանկարծ կը հոգեփոխուի՜, կը սկսի սէր ու գուրգուրա՜նք ցոյց տալ Հայ դատին հանդէպ եւ, տեղին ու պարագային համեմատ, «հողային պահանջներ» յեղյեղել Թուրքիոյ նկատմամբ…
Արիւնոտ ու անմարդկային այս քաղաքականութեան պատճառով չէ՞, որ ահա քառասունհինգ երկար տարիներէ ի վեր, Հայաստանի մանուկ Հանրապետութեան եւ Սեւրի դաշնագիրի խորտակման օրերէն սկսեալ, Հայաստանը ընկճուած կը մնայ ռուսական մուրճին եւ թրքական սալին միջեւ:
Թուրքեւռուս նոր բարեկամութիւնը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Հայ դատը ունի երկու գլխաւոր թշնամի – թո՛ւրքը եւ ռուսը-, որոնք ձեռք ձեռքի եւ սիրտ սրտի` տեւաբար եւ հաւանականօրէն կը դաւեն հայ ժողովուրդին եւ միացեալ ու անկախ Հայաստանի գաղափարին դէմ:
Այս տեսակէտէն խիստ ուշագրաւ է այն աննախընթացօրէն ջերմ ընդունելութիւնը, զոր ըրին խորհրդային վարիչները թուրք վարչապետ Սուատ Իւրկիւպլիւի` անոր Մոսկուա այցելութեան ընթացքին:
Այս առթիւ թուրք եւ ռուս պետական վարիչներուն միջեւ բազմակողմանի բանակցութիւնները տեւեցին վեց օր` օգոստոս 10-16: Իսկ խօսակցութեանց աւարտին հրատարակուած միացեալ զեկոյցին մէջ կը կարդանք.
«Երկու կողմերը` անդրադառնալով թուրքեւխորհրդային յարաբերութեանց, գոհունակութիւն արձանագրեցին եւ հաստատեցին, որ անկեղծօրէն կը փափաքին աւելի՛ եւս զարգացնել բարիդրացիական այդ յարաբերութիւնները` անկախութեան, գերիշխանութեան, հաւասարութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ ԻՐԱՐՈՒ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ սկզբունքներուն հիման վրայ («Ժամանակ», 17 օգոստոս 1965, Դ. էջ):
Պաշտօնական զեկոյցի մէջ յանձնառու ըլլալ յարգելու Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը` կը նշանակէ հանդիսաւորապէս յայտարարել կրկին, թէ` «Խ. Միութիւնը հողային որեւէ պահանջ չունի Թուրքիայէն»:
Այս կը նշանակէ նոյնպէս, թէ Խ. Միութիւնը, հաւատարիմ Լենին-Աթաթուրք-Ստալին աւանդական հակահայ քաղաքականութեան, անգամ մը եւս «պատռուած եւ նետուած» կը հռչակէ Սեւրի դաշնագիրը: Անգամ մը ե՛ւս կը թաղէ Հայ դատը եւ բովանդակ Թրքահայաստանը թրքական հող կը նկատէ:
Եւ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան հայ ժողովուրդի գլխուն վրայէն եւ ի հաշիւ Հայաստանի՛:
Աւելի՛ն. այս բոլորը տեղի կ՛ունենան դեռ յանո՜ւն խաղաղութեան եւ ի խնդիր ժողովուրդներու «բարեկամութեան» ամրապնդման»:
Ի՜նչ տարօրինակ խաղաղութիւն, ի՜նչ անհեթեթ «բարեկամութիւն» եւ անմարդկային ի՛նչ անարգանք է այս, որ կ՛արձակուի մարդկութեան խղճին եւ պատմութեան երկաթէ տրամաբանութեան դէմ, որ պիտի չուշանայ անտարակոյս իր անբեկանելի դատավճիռը արձակելու բոլոր բռնապետութեանց եւ աշխարհակալութեանց դէմ…
Մինչ այդ` արձանագրենք տեղ մը եւ երբեք չմոռնանք, թէ յամի տեառն 1965-ին խորհրդային վարիչները, ոտնակոխելով մարդկային ամէն սրբութիւն, բազմիցս խաչելէ ետք Հայ դատը, անգամ մը եւս զայն իբրեւ խաղաքարտ գործածեցին` Թուրքիան ամէն գնով սիրաշահելու իրենց հետեւողական, այլ անարգ քաղաքականութեան մէջ:
Չմոռնանք մանաւանդ, որ վաղը, երբ Թուրքիա իր բարեկամութիւնը դարձեալ զլանայ Ռուսիոյ, խորհրդային վարիչները վերստի՛ն ձեռք պիտի առնեն Հայ դատը, իբրեւ տրամադրելի ամէնէն ձեռնտու խաղաքարտը, զայն վերստի՛ն վաճառքի հանելու համար իրենց քաղաքական մթին շուկաներուն մէջ:
Եւ դեռ մեր մէջ կան միամիտներ, որոնք կը հաւատան եւ կ՛ուզեն մեզի՛ ալ հաւատացնել, թէ Հայ դատին իրաւատէրը, միա՛կ ապաւէնն ու պաշտպանը Խ. Միութիւնն է:
Չէ՞ որ խորհրդային «Միկ»-երը օր մը պիտի ճախրե՜ն եղեր Արարատի վերեւ, անշուշտ իրենց ետին ձգելով… Ղարաբաղի բարձունքները:
Այս միամիտներն ալ, իրենց կարգին, խաղաքարտ մը չե՞ն արդեօք հայ ազգային կամքը ջլատելու, մեր քաղաքական գիտակցութիւնը մթագնելու եւ Հայ դատը, միացեալ Հայաստանի ազատագրական ճակատը տկարացնելու, քայքայելու խորհրդային չարանենգ քաղաքականութեան ձեռքին:
(Վերջ)
