Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Արցախի Տնտեսութեան Փոխնախարարին. «Ազրպէյճանի Հակաքայլերը Իւրօրինակ Քարոզչութիւն Են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Զբօսաշրջութեան Համար»

August 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24380

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Tert.am-ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահվերդեան յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը մնայուն աճի մէջ է. 2015-ի առաջին վեց ամիսներուն` նախորդ տարուան հետ բաղդատելով արձանագրուած է 20  առ հարիւր աճ:

«Մենք անցած վեց ամսուան ընթացքին արձանագրած ենք զբօսաշրջիկներու 120 առ հարիւր աճ, նախորդ 7 տարիներուն  համեմատութեամբ, այս տարի արձանագրուած է 20 առ հարիւր աճ», ըսած է ան:

Սերկէյ Շահվերդեան ընդգծած է, որ երբ կը խօսին Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջիկներու թիւի աճին մասին, բացառապէս նկատի ունին օտար զբօսաշրջիկները, որոնք Ղարաբաղ մտնելու համար մուտքի արտօնագիր ստացած են:

«Այսինքն` Հայաստանի քաղաքացիները, սփիւռքի մեր հայրենակիցները, որոնք հայկական անձնագիրեր ունին, այդ թուաքանակէն դուրս են: Ղարաբաղը  իւրայատուկ եւ իւրօրինակ հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկիր է, այնպէս որ միայն հայերը չեն, որոնց համար գրաւիչ է», ըսած է ան: Փոխնախարարը նաեւ նշած է, որ Արցախ այցելած Հայաստանի քաղաքացիներու թիւը եւս մեծապէս բարձրացած է, որուն ետին կայ հետեւողական աշխատանք:

«Մենք կը շարունակենք մեր քաղաքականութիւնը զբօսաշրջիկներու թուաքանակի աճը աւելցնելու ուղղութեամբ, կը շարունակենք քարոզչութեան տարածումը,  զբօսաշրջային վայրերու բարեկարգումը», ըսած է ան:

Անդրադառնալով ազրպէյճանական հակաքարոզչութեան, մասնաւորաբար երբ Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ կը ներառուին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած օտարներ, փոխնախարարը դիտել տուած է, որ ատիկա էական ազդեցութիւն չ՛ունենար զբօսաշրջիկներուն Արցախ այցելելու փափաքին վրայ:

«Զբօսաշրջութիւնը շատ զգայուն մարզ է, եւ իւրաքանչիւր հանգամանք կրնայ նշանակութիւն ունենալ, բայց ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակներուն», ապա ես չեմ կարծեր, որ այդ ցուցակը էական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այդ զբօսաշրջիկներու Արցախ այցելելու ցանկութեան վրայ», հաստատած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ չի՞ կրնար ըլլալ, որ հակաքարոզչութիւնը հակառակ ազդեցութիւն ունենայ` Սերկէյ Շահվերդեան նշած է. «Մենք ընդհանրապէս կը ձգտինք Ազրպէյճանի որեւէ քայլ վերածել քարոզչութեան` ի նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան պատկերի  բարձրացման: Այդ մէկը մշտապէս կը կատարուի նոյն միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսներուն ընթացքին, Ազրպէյճանի հակաքայլերը միշտ իւրօրինակ քարոզչութիւն կը դառնան Ղարաբաղի համար եւ բոլոր միւս հանգամանքները», ըսած է ան:

Լրագրողը հարցուցած է, որ Արցախի մէջ ի՛նչ բան կը գրաւէ զբօսաշրջիկները. փոխնախարարը յարմար նկատած է այս հարցումը ուղղել Արցախ այցելողներուն, բայց եւ այնպէս դիտել տուած է, որ անոնք կը գրաւուին Արցախի ժողովուրդով, անտառներով, յուշարձաններով, միրգերով:

Անդրադառնալով գիներուն եւ զանոնք բաղդատելով Հայաստանի հետ`  փոխնախարարը նշած է, որ ինք չի կարծեր, թէ Հայաստանի զբօսաշրջային գիները, բացի օդանաւային տոմսերէն, մեծապէս կը տարբերին նմանօրինակ այլ երկիրներու գիներէն: Անոր համաձայն, Ղարաբաղի մէջ եւս կան տարբեր գիներ, օրինակ` կայ 10 տոլար արժողութեամբ պանդոկ, ինչպէս նաեւ շատ աւելի բարձր գիներով եւ որակով պանդոկներ: «Այսինքն` ենթակառուցուածքները կարելիութիւն կու տան, որեւէ գնողունակութեան զբօսաշրջիկի այցելել Ղարաբաղ, այնպէս չէ, որ խնդիր կայ այդ առումով», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Արցախ տանող ճամբան որքանո՞վ կը խոչընդոտէ այցելութիւնները, եւ արդեօք օդային ճամբու բացումը մեծ խթան պիտի չհանդիսանա՞յ Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան զարգացման` Շահվերդեան նշած է. «Վստահաբար օդանաւի կարելիութեան պարագան էականօրէն կ՛ազդէ զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ, բայց մենք պէտք չէ կեդրոնանանք այդ հարցին վրայ: Մենք այլ ձեւով լուծումը գտած ենք. գիտէք, որ կը կառուցուի  Մարտակերտ-Սոթք ճամբան, որ էականօրէն կը կրճատէ ճամբան եւ աւելի յարմար կը դարձնէ Արցախ այցելուներու համար երթեւեկութիւնը եւ, ամէնէն կարեւորը, զբօսաշրջիկները ստիպուած չեն ըլլար այլեւս նոյն ճամբան երկու անգամ անցնիլ, այդ մէկը ե՛ւ ժամանակի, ե՛ւ նիւթականի  խնայողութիւն կ՛ըլլայ»:

Փոխնախարարը նաեւ նշած է, որ ամրան աւարտով չ՛աւարտիր Արցախի զբօսաշրջային եղանակը: «Զբօսաշրջանը Ղարաբաղի մէջ  կը սկսի ապրիլին եւ կը նուազի հոկտեմբերին: Այնպէս որ, ամառնային շրջանը շատ կապ չունի  զբօսաշրջային այցելութիւններուն հետ», հաստատած է ան:

 

 

Նախորդը

Ս. Էջմիածինի Մէջ. Սկսած Են Միւռոնօրհնութեան Նախապատրաստական Աշխատանքները

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Նիքոլայ Պորտիւժան

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.