
Ուրուկուէյեան Օլիմփիայի նախկին ֆութպոլիստ Սեպասթիան Արիոսա յունիս 2013-ին յայտարարած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելու իր մտադրութեան մասին: Պատճառը` յայտնաբերուած քաղցկեղն էր:
«Մարքա» լուրը հաղորդելով կը տեղեկացնէ, որ այդ հիւանդութեան ի յայտ գալէն ետք ան շուրջ 2 տարի բուժումի ենթարկուեցաւ:
Երէկ ArmSport.am յայտնեց, որ 30 տարեկան Արիոսա յաղթահարեց հիւանդութիւնը եւ վերադարձաւ ֆութպոլի դաշտ:
Ան նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Տեֆերսորի հետ Պոլիվարի դէմ տեղի ունեցած Լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքին խաղարկութեան:


