Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիրը` Ձերբակալուած

August 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմետ Ասիրը` կերպարանափոխումէն առաջ եւ ետք
Ահմետ Ասիրը` կերպարանափոխումէն առաջ եւ ետք

Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի նախկին իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրը, որ վերջին տարիներուն ընթացքին զբաղած էր ահաբեկչութեամբ եւ 2013-ին Ապրայի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ զինեալ բախումներ ղեկավարած, շաբաթավերջին ձերբակալուեցաւ, երբ կը փորձէր Լիբանանէն փախուստ տալ:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը հետեւէին Ասիրի շարժումներուն, շաբաթ, 15 օգոստոս 2015-ին զայն ձերբակալեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին Ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնին մօտ:

Ասիր ենթարկուած էր գեղեցկագիտական գործողութիւններու եւ կերպարանափոխուած, ինչպէս նաեւ կը կրէր կեղծ անցագիր մը:

Ասիրի ձերբակալումին իբրեւ հակազդեցութիւն անոր կինն ու հետեւորդները շաբաթ երեկոյեան փակեցին Սայտայի մայրուղին, որ կարճ ժամանակէ մը ետք վերաբացուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին Ընդհանուր ապահովութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ուժեր ներխուժեցին Սայտա` ձերբակալելու համար Ասիրի մեղսակիցները:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կեդրոնացան Սայտայի Սիրոպ շրջանին վրայ, ուր կը գտնուի Ասիրի հետեւորդներուն մեծ մասը:

Անոնք ուղղուեցան նաեւ Ապտել Ռահման Շամիի խանութը` նկատի ունենալով, որ ան Ասիրը պահող եւ անոր թաքստոց հայթայթող բանալի անձն է, սակայն իմացան, որ Շամի անհետացած է այն պահուն, երբ յայտարարուած է Ասիրի ձերբակալութիւնը:

Դատական առումով ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրէն պահանջեց «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան ենթարկել Ասիրը եւ ապա պաշտօնապէս յայտնեց, որ ձերբակալուած անձը իսկապէս Ասիրն է:

Դատախազ Համմուտ յայտնեց, որ Ասիրի թղթածրարը պատրաստ է եւ երկար ժամանակի չի կարօտիր` դատավարութիւններուն սկսելու առումով:

Նշենք, որ 2014-ին Զինուորական ատեանը ի բացակայութեան տրուած վճիռի մը շրջագիծին մէջ Ասիրը դատապարտած է մահապատիժով:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ասիրի ձերբակալութեան առումով լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն եւ արտաքին ապահովական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող լուրերը անճիշդ են: «Պաղեստինեան կամ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կապ ունի Ասիրի ձերբակալութեան հետ: Այդ աշխատանքը արդիւնք է Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ջանքերուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ասիր պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանէն առանձին ուղղուած է օդակայան, ուր ձերբակալուած է:

Ապպաս Իպրահիմ աւելցուց նաեւ, որ Ասիր հարցաքննութեան ընթացքին նշած է որոշ անուններ, որոնք մեղսակցած են ահաբեկչական արարքներու:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ դրուատեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ Ասիրի ձերբակալումը` զայն նկատելով ապահովական առումով որակական գործողութիւն:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ողջունեց ապահովութեան ուժերուն արձանագրած իրագործումը` շեշտելով, որ Ասիրի ձերբակալումը կը ծառայէ երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Հարիրի այս իմաստով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Նուհատ Մաշնուքի եւ Ապպաս Իպրահիմի հետ եւ շնորհաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան արձանագրած նուաճումը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շնորհաւորեց ապահովական կառոյցները Ասիրի ձերբակալութեան առիթով եւ հաստատեց, որ ասիկա ապահովական մեծ նուաճում է:

«Սակայն շնորհաւորութեան կողքին, միաժամանակ հարց կու տանք, թէ ինչպէ՞ս ապահովական այդ կառոյցը կրցած է ձերբակալել Ասիրը` կերպարանափոխուած վիճակի մէջ եւ կեղծ անցագիրով, մինչդեռ տակաւին կարելի չէ եղած ձերբակալել Հաշեմ Սալմանն ու Սուպհի եւ Նատիմ Ֆախրիները սպաննող ոճրագործները, որոնք ծանօթ են եւ չեն կերպարանափոխուած», հարց տուաւ ան:

Նահատակ բանակայիններուն հարազատները շնորհաւորեցին իրենց նահատակ զաւակները` Ասիրի ձերբակալութեան առիթով եւ կոչ ուղղեցին ապահովութեան ուժերուն նոյն թափով շարունակելու իրենց աշխատանքը, մինչեւ Ֆատըլ Շաքերի ձերբակալումը:

Առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն անունով Նիզամ Մղէյթ յայտնեց, որ Ասիրի ձերբակալութեան լոյսին տակ իրենք ՏԱՀԵՇ-էն եւ Ժապհաթ Նուսրայէն ստացած են սպառնալիքներ` իրենց հարազատներուն ճակատագիրին վերաբերեալ:

ԺԱՏԻՏ պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետն ու Մոսատի պետը ողջունած են Ապպաս Իպրահիմը` Ասիրը ձերբակալելու ապահովական գործողութեան առիթով:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Մեր Շարժումը Խաղաղ Է, Սակայն Ընդվզումի Մղող Քաղաքականութիւնը Շարունակելու Պարագային Կրնայ Փոխուիլ»

Յաջորդը

Ըստ Հայաստանի Ազգային Վիճակագրութեան Ծառայութեան. Այս Տարուան Առաջին Կիսամեակը Եղած Է Զարգացման Եւ Բարգաւաճման Ժամանակաշրջան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.