Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Մեր Շարժումը Խաղաղ Է, Սակայն Ընդվզումի Մղող Քաղաքականութիւնը Շարունակելու Պարագային Կրնայ Փոխուիլ»

August 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Միշել Աուն
Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ 2006-ին Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը զիրենք հպարտութեամբ կը ներշնչէ, սակայն միաժամանակ յուզիչ է` նկատի ունենալով պատերազմին ընթացքին ինկած նահատակները, որոնք երկրին ու ժողովուրդին արժանապատուութեան համար կռուեցան:

Զօր. Աուն նշեց, որ ինք նախ եւ առաջ թիրախ կը նկատուի, որովհետեւ Դիմադրութեան նեցուկ կը կանգնի` աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ Դիմադրութեան մարտիկներուն համոզումին, կամքին ու կորովին եւ այդ պատճառով ալ համոզուած է, թէ Յուլիսեան պատերազմէն ետք Իսրայէլ յաղթական դուրս պիտի չգայ:

Ներքին լիբանանեան առումով իր մղած պայքարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք համոզուած է, որ ինք այդ պայքարէն յաղթական դուրս պիտի գայ:

«Մեր շարժումը խաղաղ է, սակայն ընդվզումի մղող քաղաքականութիւնը շարունակելու պարագային կրնայ փոխուիլ», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան հաստատեց, որ իր եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ փոխադարձ վստահութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ «սէյիտ Նասրալլայի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք կը մերժէ իմ մեկուսացումս, պատասխան էր բոլոր այն յայտարարութիւններուն, թէ իմ դաշնակիցներս զիս լքած են»:

Ան նշեց, որ ներքին առումով իր պահանջները բոլորին համար յստակ դարձած են: «Կ՛ուզենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ քրիստոնեայ համայնքը ներկայացնող գլխաւոր անձնաւորութիւնն է, ինչպէս է պարագան խորհրդարանի նախագահութեան եւ վարչապետին պարագային», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան աւելցուց, որ այս պարագային Մուսթաքպալ հոսանքն է, որ զինք ծայրայեղութեան կը մղէ եւ ոչ թէ հակառակը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն ըսաւ. «Այդ յարաբերութիւնը քանդուած չէ, որ վերանորոգութեան կարիք ունենայ, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի հետ յարաբերութիւնը կը մնայ առողջ», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Հըզպալլայի Մարտիկներն Ու Սուրիական Բանակը Կը Շարունակեն Ռմբակոծել Զապատանիի Ահաբեկիչները

Յաջորդը

Ասիրը` Ձերբակալուած

RelatedPosts

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած  Օտարերկրեայ Դեսպանները`  Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ  Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

January 21, 2026
Պըրրի. «Հարեթ Հրէյքի Թիրախաւորումը  Չափազանց Վտանգաւոր Զարգացում Է, Որ Ցոյց Կու Տայ,  Թէ Պէյրութը Պաշտպանելու Երաշխիքներ Չկան»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Սէուտցիները Կը Շեշտեն, Որ Որոշումը Պետութեանը Ըլլայ, Եւ Պըն Ֆարհանի Հետ Հանդիպումս Հոյակապ Էր»

January 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.