Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Դիմակազերծում Եւ Յեղաշրջումի Փորձ

August 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho(2)_8-16-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքական ասպարէզի ամբողջ ընթացքին անոր ամէնէն սրբազան սկզբունքը կը թուէր ըլլալ քուէատուփերու ճամբով արտայայտուող ժողովուրդին կամքը: Ան 6 յուլիսին` Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն մէկ օր առաջ եւս կը նշէր. «Կը հաւատամ, որ իմ ժողովուրդս «այո՛» պիտի ըսէ նոր Թուրքիոյ մը, նոր սահմանադրութեան մը եւ նախագահական համակարգին… Բոլորս պէտք է յարգենք ժողովուրդին կամքը»: Ան «Նոր Թուրքիոյ» իրագործման համար ժողովուրդէն 400 աթոռ պահանջեց, սակայն ժողովուրդը իրեն տուաւ միայն 258 աթոռ: Այլ խօսքով` Թուրքիոյ ժողովուրդը մերժեց դէպի նախագահական համակարգ անցումը եւ միակուսակցական իշխանութիւնը` պահանջելով կազմել համախոհական կառավարութիւն մը:

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան ճիշդ կ’ըսէր, երբ մեզի` իր աշակերտներուն դիտել կու տար, թէ ամէն մարդ ժողովրդավար է, այնքան ատեն որ ժողովրդավարութիւնը ի նպաստ իրեն է: ժողովրդավարական հոլովոյթէն բխող ոչ բարենպաստ արդիւնքն է, որ իսկական ժողովրդավարը կը զատորոշէ կեղծ ժողովրդավարէն, կը բացայայտէ ոչխարի մորթով ծպտուած գայլը եւ վար կ’առնէ կեղծաւորին դիմակը: Այդպէս ալ եղաւ Էրտողանի պարագային:

Ամբողջ 13 տարի «ժողովուրդի կամք»-ին սրբազանութեան մասին իր ժողովուրդին եւ շրջանի այլ երկիրներուն քարոզներ կարդացողը, արտաքին քաղաքականութիւնը այդ սկզբունքով արդարացնողը ոչ միայն անտեսեց 7 յուլիսի ընտրութիւններուն ընթացքին արտայայտուած ժողովուրդին կամքը, այլ նաեւ աշխուժ կերպով ականահարեց անոր իրագործումը եւ քուէարկողներուն 69 առ հարիւրի կամքին դէմ յեղաշրջում կատարելու փորձով մը երկիրը մղեց կանխահաս ընտրութիւններու: Բարեպաշտ իսլամականը անտեսեց «Ձայն բազմաց` ձայն Աստուծոյ»-ի կանոնը, մերժեց ժողովուրդին-Աստուծոյ կամքը, զայն սխալ նկատեց եւ յանդգնեցաւ ժողովուրդին-Աստուծոյ առիթ ընծայել սրբագրելու գործած «սխալը»: Ինչ որ ակներեւ մեղք մըն է, որուն հետեւանքները, անկախ անոր արդիւնքէն, պիտի ըլլան ծանր բոլորին համար:

 

 

Նախորդը

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ Հազարաւոր Ուխտաւորներ Կը Մասնակցին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին

Յաջորդը

Բարի Լոյս 9. Հայաստանեան Առօրեայ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.