ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Զանազան ծրագիրներ ունիք իրագործելու: Մեծ թափով սկսեցէք, քանի որ բոլորն ալ յաջողութեամբ պիտի պսակուին: Յաջողութի՛ւն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուրախացէք օրուան մանր հաճոյքներով: Երբ պզտիկ բաներով կ՛ուրախանաք, մեծ ուրախութիւնները աւելի պիտի նպաստեն ձեր առօրեային:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վստահեցէք ձեր փորձառութեան եւ ձեր ներքին զգացողութեան, միշտ ուրիշներու կարծիքին մի՛ դիմէք: Այսօր յաջողութեամբ պիտի պսակուին ձեր գործերը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ արուեստագէտ էք, հիացողներ պիտի ունենաք եւ քաջալերութիւններ պիտի ընդունիք: Արուեստագէտի արդար հպարտութիւն պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան երջանկութիւնը փոքր բաներու վրայ կը հիմնուի. համերաշխութիւնը եւ իրերհասկացողութիւնը ընտանիքին վերելքին կը նպաստեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր ձեր զգեստաւորումը փոխելու մասին պիտի մտածէք. ասիկա անշուշտ ձեր արդար իրաւունքն է, նաեւ` ձեր տաղտուկներէն հեռու կը պահէ ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք առօրեայի յոգնութենէն դուրս գալ, լաւ է, որ մարմնամարզի հետեւիք: Թեթեւ մարզանքները ձեր տրամադրութիւնը կը բարձրացնեն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անծանօթ վայրի մը մէջ պիտի հանդիպիք վաղեմի բարեկամի մը, զոր գրեթէ մոռցած էիք: Յարաբերութիւնները պիտի նորոգուին եւ անցեալին յիշատակները լոյսին պիտի բերէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Համեստաբար յաջողութիւններ արձանագրած էք. այսօր նոր իրագործում մը ձեզ գագաթնակէտին պիտի հասցնէ: Շնորհաւորութիւններ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը պիտի անցընէք մանր մարզանքներով եւ լեռնային օդափոխութեամբ, ինչ որ ձեզ պիտի աշխուժացնէ եւ հոգեպէս պիտի ամրապնդէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարծէք` յուսահատած էք եւ բանի մը չէք ուզեր ձեռնարկել: Ամէն բան խրթին մի՛ կարծէք, յառաջացէք եւ գործի անցէք: Յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վստահութիւն ունեցէք ձեր գործակիցներուն վրայ. անոնք ձեր բացակայութեան լաւ արդիւնքներ պիտի տան եւ ձեզ պիտի գոհացնեն:
