Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շըռնաքի Ժողովրդային Խորհրդարանը Ինքնավարութիւն Յայտարարեց

August 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sirnak_8-11-15

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Շըռնաքի քրտական տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններէ եւ կազմաւորումներէ կազմուած ժողովրդային խորհրդարանը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Ուրֆայի Սուրուճ քաղաքին մէջ քրտական երիտասարդական կազմակերպութիւններու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումէն ետք, որուն զոհ գացած էր 32 մարդ, 100-էն աւելի մարդ ալ վիրաւորուած էր, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը «պատերազմ յայտարարած է Քիւրտիստանի դէմ»:

«Սիլոփիի մէջ քիւրտերու դէմ ոչնչացման յարձակումներով իրագործուած կոտորածին դիմաց, իբրեւ Շըռնաքի ժողովրդային խորհրդարան, չմերժելով պետութիւնը, մենք այլեւս պիտի չքալենք պետական կառոյցներու հետ: Մեզի համար քաղաքին մէջ գտնուող բոլոր պետական կառոյցները արդէն կորսնցուցած են իրենց օրինականութիւնը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Ժողովրդային խորհրդարանի կազմին մէջ եղող քրտական Ժողովրդավարական շրջաններու կուսակցութեան Շըռնաքի բաժանմունքի ղեկավար Սալիհ Կիւլենչ թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ քաղաքին մէջ ինքնավարութիւն յայտարարելէ ետք բնակչութիւնը պիտի չենթարկուի պետութեան կողմէ նշանակուած ղեկավարներուն:

«Քաղաքին մէջ գտնուող բոլոր պետական կառոյցները մեզի համար կորսնցուցած են իրենց օրինականութիւնը: Պետութեան կողմէ նշանակուած ղեկավարները այլեւս չեն կրնար այստեղ ղեկավարել: Այսուհետեւ մենք զմեզ պիտի պաշտպանենք բոլոր յարձակումներէն: Ասկէ ետք մենք զմեզ պիտի ղեկավարենք», ըսած է ան:

Միւս կողմէ, «Ակօս» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշի դէմ երկու դատ բացած է` պահանջելով բարոյական վնասի փոխհատուցում վճարել: Դատական հայցերը ներկայացուած են «ծանրօրէն վիրաւորելու, զրպարտելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու» հիմնաւորումներով:

Էրտողանի դատեր բանալու որոշումին մասին յայտնի դարձած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճւոմ կուսակցութեան` Անգարայէն ընտրուած երեսփոխան Ֆաթիհ Շահինի «Թուիթըր»-ի էջէն: Ան յայտնած է, որ Էրտողանի յարուցած դատական գործերէն մէկը կը վերաբերի Տեմիրթաշի այն յայտարարութեան, որուն մէջ ան Սուրուճի մէջ տեղի ունեցածին համար կը մեղադրէր «նախագահական պալատին կից կառոյցը»: Այս դատով Էրտողան Տեմիրթաշէն պահանջած է վճարել 50 հազար թրքական լիրա (շուրջ 18 հազար տոլար) փոխհատուցում:

Միւս դատը բացուած է Տեմիրթաշի այն յայտարարութեան համար, որ կատարած է, երբ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի քրտամէտ կուսակցութեան օգտին քուէարկողները կոչած էր «անամօթներ»: Երկրորդ դատին համար Տեմիրթաշէն կը պահանջուի վճարել 20 հազար թրքական լիրա (շուրջ 2 հազար ամերիկեան տոլար):

Մինչ այդ, Թուրքիա յայտարարեց, որ թրքական ռմբաձիգներու Կորճայքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերուն դէմ կատարած հարուածներուն պատճառով 17 քիւրտ զինեալներ սպաննուած են:

«Անատոլու» իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Իզմիր եւ Ատանա քաղաքներուն մէջ ՔԱԿ-ի երիտասարդական թեւը նկատուող Հայրենասէր յեղափոխականներու երիտասարդական շարժումի անդամներուն դէմ ձերբակալման արշաւ մը շղթայազերծուած է: Իզմիրի մէջ շուրջ 500 ոստիկաններու մասնակցութեամբ գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած է 16 մարդ, իսկ Ատանայի մէջ` 7 մարդ, որոնցմէ 2-ը` կին:

 

 

 

Նախորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Թուրքիա Այցելութիւնը Յետաձգուեցաւ

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Սուրիոյ Հողային Ամբողջականութեան Փոփոխութեամբ Հետաքրքրուած Չէ, Այլ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարով» Կ՛ըսէ Քըրպի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.