Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Լա Սթամփա»-ի. Անգարայի Եւ Վատիկանի Միջեւ Լարուածութիւնը Պիտի Խորանայ, Երբ Պապը Երանացնէ 1915-ին Սպաննուած Ասորի Կղերական Մը

August 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միխայելիս Ֆլավիանոս Մելքի արքեպիսկոսպոսը
Միխայելիս Ֆլավիանոս Մելքի արքեպիսկոսպոսը

Իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը կը պատրաստուի երանացնելու 1915-ին Մարտինի մէջ սպաննուած ասորի կաթողիկէ արքեպիսկոպոս Միխայելիս Ֆլավիանոս Մելքին, ինչ որ աւելի պիտի լարէ Վատիկան-Անգարա արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին սրբազան քահանայապետը Թուրքիայէն պահանջած էր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որմէ ետք երկու երկիրներուն միջեւ ծագած էր ճգնաժամ մը եւ Անգարան տուն կանչած էր Վատիկանի մէջ իր դեսպանը:

Ֆրանչիսկոս պապը Մելքիի սպանութեան 100-ամեակին առիթով զայն կը նկատէ ցեղասպանութեան զոհ: Մելքին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած է 29 օգոստոս 1915-ին, եւ իսլամութիւնը չընդունելուն համար գնդակահարուած է հայ կաթողիկէ կրօնաւոր Ժաք Աբրահամի հետ:

Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած է, որ դաւանանքի համար մարդու մը գնդակահարութիւնը անընդունելի յանցագործութիւն է, եւ Սրբադասման յանձնախումբէն խնդրած է պատրաստել անոր երանացման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը:

Ըստ իտալական օրաթերթին, Մելքիի երանացման համար արարողութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերին:

«Լա Սթամփա» սրբազան քահանայապետին այդ որոշումը մեկնաբանած է իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ իրականացուող յանցագործութիւններուն եւ հալածանքներուն հետ կապուած աղմկայարոյց հակազդեցութիւն:

Նախապէս, 2001-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը Օսմանեան կայսրութեան մէջ նահատակուած հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանը եւս դասած էր երանելիներու շարքին:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Փարակուէյի Իր Պաշտօնակիցը

Յաջորդը

Օհանեան. «Պետական Սահմանի Պահպանութիւնը Յուսալի Ձեռքերու Մէջ Է»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.