Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «Պետական Սահմանի Պահպանութիւնը Յուսալի Ձեռքերու Մէջ Է»

August 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ohanian_8-10-15

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, բանակի ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ Հայկազ Բաղմանեանի եւ բարձրաստիճան այլ զինուորականներու ընկերակցութեամբ շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ հիւսիսարեւելեան սահմանագօտի:

Նախարար Սէյրան Օհանեան սահմանագօտիի զօրամասերուն մէջ ծանօթացաւ զինուորական ծառայութեան կազմակերպման, զինուորներու  մարտական եւ մասնագիտական պատրաստութեան, ընկերային-կենցաղային պայմաններուն եւ իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն: Ստուգուեցան նաեւ զօրամասերու զինուորական ճաշարաններու առողջապահական պայմանները, զինուորներու սնունդի որակն ու չափաբաժինները:

Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ այցելեց  մարտական դիրքեր, տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ  շէնքերու եւ այլ կառոյցներու ամրութեան, ստուգեց մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորներու պարտականութիւններու գիտակցութիւնը, շրջագայեցաւ խրամատներուն մէջ եւ կատարեց սահմանագիծի դիտարկում: Ծառայութեան մէջ գերակայ զինուորներուն Օհանեան խրախուսական նուէրներ յանձնեց:

Սահմանագօտի այցելութեան ծիրին մէջ   հրամանատարական կազմին հետ քննարկուեցան մարտական պատրաստութեան, սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին, զինուորներու կենցաղային պայմաններուն եւ  ընթացող շինարարական աշխատանքներուն առնչուող հարցեր: Նախարարը հրամանատարական կազմին տուաւ համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ` ընթացող աշխատանքները ըստ սահմանուած ժամանակացոյցին եւ առաւել արդիւնաւէտ իրականացնելու ուղղութեամբ:

Բանակային զօրամիաւորման ենթակայ  ստորաբաժանումներէն մէկուն մէջ  պաշտպանութեան նախարարը զրուցեց  նոր զինուորագրուածներուն հետ: Ողջունելով եւ խաղաղ ծառայութիւն մաղթելով անոնց` նախարար Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատեց զինուորական ծառայութիւնը իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի համար` ինչպէս հայրենիքին նկատմամբ պարտքը կատարելու, այնպէս ալ բարոյական եւ բարձր կորովի յատկանիշներ ձեռք բերելու տեսանկիւնէն:

Նախարարը նաեւ տեսակցեցաւ սահմանամերձ գիւղերու ղեկավարներուն եւ բնակիչներուն հետ: Ծանօթանալով անոնց խնդիրներուն եւ մտահոգութիւններուն` նախարար Օհանեան վստահեցուց, որ պետական սահմանի պահպանութիւնը յուսալի ձեռքերու մէջ է, եւ ամէն բան կը կատարուի խաղաղ բնակչութեան առօրեան առաւել անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Ըստ «Լա Սթամփա»-ի. Անգարայի Եւ Վատիկանի Միջեւ Լարուածութիւնը Պիտի Խորանայ, Երբ Պապը Երանացնէ 1915-ին Սպաննուած Ասորի Կղերական Մը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Քննարկեց` «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» Ընկերութեան Մէջ Իրականացուելիք Հաշուեքննութեան Հարցը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.