Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Գեղարուեստական Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

August 8, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

lem_8-07-15

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն երկրորդ շաբթուան ձեռնարկները սկսան` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպած գեղարուեստական երեկոյով` նահատակ Յակոբ Գարակէօզեանի (Ըլլէօն-Առիւծ)  յիշատակին:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայրերը,  Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

lem4_8-07-15lem3_8-07-15Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի անդամ Յովիկ Ադամեան: Ան ներկայացուց նահատակ Յակոբ Գարակէօզեանի կենսագրականը` նշելով անոր նկարագիրին յատկանիշները եւ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ անոր դերակատարութիւնը:

Ապա Ադամեան ըսաւ, թէ մուսալեռցի երիտասարդութեան պարտականութիւնն է պահպանել Մուսա լերան պապենական նկարագիրը, որ կը յատկանշուի խիզախութեամբ, պարկեշտութեամբ, չարքաշութեամբ եւ արիութեամբ: Ան իր խօսքի աւարտին կարեւոր նկատեց մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան պահպանումը ներկայ երիտասարդութեան եւ ապագայ սերունդներուն կողմէ, որոնք պէտք է դաստիարակուին եւ ոգեւորուին` ճանչնալու եւ սիրելու իրենց պապերէն ժառանգած արժէքները:

lem2_8-07-15

Բացման խօսքէն ետք հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի նուագախումբը, որուն անդամները ներկայացուցին ազգային-յեղափոխական երգերու շարք մը, կատարողութեամբ` Յովնան Քէշիշեանի եւ Սահակ Պէրպէրեանի:

Ներկայացման ընդմիջումներուն ընթացքին Մուսա լերան հերոսամարտին մասին խօսքերով եւ ասմունքներով հանդէս եկաւ Կրէյս Գալուստեան:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Նշմար. Հարցականներ

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները
Գաղութային

Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։