Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Հարցականներ

August 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_8-07-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին տեղեկութիւններ հաղորդած է ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ թրքական բանակին կատարած գործողութիւններուն մասին եւ ընդգծած, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող անկայուն իրավիճակը բացասաբար կրնայ ազդել նաեւ դրացի երկիրներուն վրայ: Հակառակ անոր որ Անգարայի գործողութիւններուն գլխաւոր, իսկական եւ առայժմ միակ թիրախը ՔԱԿ-ն է, Էրտողան ինքնիրեն շրջանի երկիրներուն ձրի ծառայութիւն մատուցողի «հովեր» կու տայ: ՏԱՀԵՇ-ի զէնքի, մարդուժի մատակարարումը եւ ֆինանսաւորումը դիւրացնող եւ ահաբեկչական այդ խմբաւորումին հետ առեւտուր կատարող Թուրքիան այժմ կը պճնուի փրկարարի փետուրներով եւ այդ ալ` իրականութեան մէջ ոչինչ կատարելով:

Մենք տեղեակ չենք, եթէ Ռուհանի Էրտողանին հարցուցած է. «Մինչեւ հիմա ո՞ւր էիք, բարեկա՛մ», սակայն մեծապէս հետաքրքրուած ենք իմանալու, թէ Էրտողան ճիշդ ի՛նչ տեղեկութիւններ փոխանցած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններուն մասին, որոնք գործնական գետնի վրայ գոյութիւն չունին: Այդ գործողութիւններուն չգոյութեան իրողութիւնը վստահաբար ո՛չ Ռուհանիէն, ո՛չ ալ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ վերջերս Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացուցած Միացեալ Նահանգներէն կը վրիպի: Ասոր համար ալ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, իր երկրին դաշնակիցին անուղղակի կերպով ուղղուած ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութեան շղթայազերծումը արագացնելու յորդորներուն խուլ ականջ ձեւանալուն լոյսին տակ, ի վերջոյ ստիպուեցաւ հրապարակաւ յայտարարելու. «Թուրքիոյ կողմէ իրագործուող գործողութիւններուն գլխաւոր թիրախը պէտք է դառնայ ոչ թէ ՔԱԿ-ը, այլ` ՏԱՀԵՇ-ը: Բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղել այդ ուղղութեամբ»: Օպամայի այս քայլին մէջ կարելի է նշմարել տողատակի զգուշացում մը. «Մի՛ փորձէք խաբել մեզ, յարգեցէ՛ք մեր համաձայնութիւնը եւ կատարեցէ՛ք ձեր ստանձնած յանձնառութիւնը»:

Մենք կը սպասենք, որ Էրտողան պատասխանէ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ո՞ր գործողութեան մասին է խօսքը: Սակայն նաեւ գոյութիւն ունին նոյնքան կարեւոր այլ հարցականներ: Բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ Սուրուճի զոհերուն համար ցաւակցութիւն յայտնեցին Էրտողանի, սակայն ան այդ զոհերուն հարազատներուն եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ ժողովուրդին տակաւին ցաւակցութիւն չէ յայտնած, ինչո՞ւ: Արդեօք այդ զոհերը Թուրքիոյ խոտելի՞ քաղաքացիներ էին: Այդ գործողութիւնը վերագրուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ին, սակայն ՏԱՀԵՇ մինչեւ օրս չէ ստանձնած այդ անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը, ինչո՞ւ եւ ո՞վ է այդ գործողութեան իսկական հեղինակը:

 

 

 

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. Գեղարուեստական Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.