
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ այցելեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապատի Խուրիի փոխանցեց շնորհաւորագիր մը Իրանի փոխնախագահին կողմէ, ինչպէս նաեւ քննարկեց կենսոլորտի մարզին մէջ լիբանանեան-իրանեան գործակցութեան համաձայնագիրները գործադրելու մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, թէ արդարութեան կը զօրակցի, պայմանաւ որ այդ արդարութիւնը քաղաքականացած չըլլայ:
Իրանցի դեսպանը հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը կայուն է` ողջունելով Լիբանանի կառավարութեան կողմէ քաղաքացիներու ապրուստի բարելաւման եւ ընկերային ծառայութիւններու մատուցման իմաստով թափուած ճիգերը:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ապատի յայտնեց, որ Իսրայէլ ի վիճակի չէ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու` աւելցնելով, որ Իսրայէլի կատարած վերջին ռազմափորձին` «Շրջադարձ 5»ին լոյսին տակ, անոր համար յստակ դարձաւ, որ ինք չի կրնար Լիբանանի դէմ պատերազմ կամ ներխուժում շղթայազերծել:
Պատասխանելով այլ հարցումի մը` Ապատի ընդգծեց, որ Իրան պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի հանքերուն պեղումները կատարէ:


