Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոտքի՛, Հայաստան»-ը Հրաժարականի Պահանջը Յանձնեց Հանրային Ծառայութիւնները Կարգաւորող Յանձնախումբին

August 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vodki_8-05-15

Ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ պայքարող «Ոտքի՛, Հայաստան» շարժման քանի մը անդամներ 5 օգոստոսին երթով հասան Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի նստավայր` հրաժարականի գրաւոր պահանջը անձամբ հասցէատէրերուն յանձնելու համար:

«Իրենց անգործութեան կամ թերի մասնագիտական գործունէութեան պատճառով ժողովուրդը այն վիճակին հասցուցած են, որ դրդած են դուրս գալ փողոց եւ Հայաստանի մէջ ստեղծել քաղաքացիական պատերազմի իրավիճակ», ըսած է նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Յովհաննիսեան:

Ըստ գործիչներուն, Ռոպերթ Նազարեանի գլխաւորած յանձնախումբը  տարիներ շարունակ առանց լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարելու քանի մը անգամ բաւարարած է «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան ներկայացուցած դիմումները եւ սղցուցած ելեկտրականութիւնը:

««Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ը  3-4 տարի աշխատած է վնասով, մեծ պարտքեր կուտակած եւ անոր ի պատասխան` յանձնախումբը ընդամէնը սակը բարձրացուցած, ոչ մէկ ստուգում, խորքային վերլուծութիւն չէր ըրած», դիտել տուած է Յովհաննիսեան:

Ընդամէնը օրեր առաջ ուժի մէջ մտած Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբին որոշումով` ելեկտրականութեան սակը  բարձրացաւ 6.93 դրամով: 2009-2015 թուականներուն ասիկա չորրորդ անգամն ըլլալով կատարուող սակի բարձրացումն է, որուն իբրեւ հետեւանք ելեկտրականութեան ցերեկային սակը աճած է 95.1 տոկոսով` 25 դրամէն հասնելով 48.78 դրամի, իսկ գիշերայինը` 223.1 տոկոսով` 12 դրամի փոխարէն 38.78 դրամ ըլլալով:

Թէեւ այս տարուան սակի բարձրացման դիմաց կառավարութիւնը որոշ փոխհատուցում պիտի կատարէ, բայց «Ոտքի՛, Հայաստան»-ի անդամները վստահ են, որ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի հրաժարականի իրենց պահանջը տեղին է, եւ անոր պիտի միանան մեծ թիւով քաղաքացիներ: Այդ նպատակով ալ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ստորագրահաւաք տեղի պիտի ունենայ:

Ըստ գործիչներուն, ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ տիրական է թալանը, որ պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ սեփականատէրը ռուսական ընկերութիւնն է: Կորուստներէն եւ փտածութենէն ապահովագրուելու համար «Ոտքի՛, Հայաստան»-ը կը պահանջէ  ազգայնացնել «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ը` սեփականատէր դարձնելով Հայաստանի քաղաքացիները:

«Ժողովուրդը արդէն կարելիութիւն կ՛ունենայ ստուգումներ իրականացնելու, վերահսկողութիւն սահմանելու «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան կառավարման նկատմամբ, եւ ինչու չէ, այդ բաժնետոմսերէն ստացուած եկամուտները կը մնան ժողովուրդին: Այսինքն, մենք այդ մէկը կը նկատենք լաւագոյն   տարբերակը», նշած է Դաւիթ Յովհաննիսեան:

Ներկայիս քաղաքացիական անհնազանդութեան կամ բողոքի այլ շարժումներ չեն նախատեսուած: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի շարունակուի նստացոյցը մինչեւ 11 օգոստոսի հանրահաւաքը:

 

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Հայերը Օտար Պետութեան Մէջ Հայաստանի Անձնագիր Պիտի Ստանան Մինչեւ 2016-ի Վերջը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Բանակումին Մասնակիցները Հասան Արցախ

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.