Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱԹՈՌՆԵՐ ԿԻՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

August 18, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վահան Յովհաննիսեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արդէն յստակ է, թէ Հայ ազգային քոնկրեսը ինքզինք ծուղակի մէջ ձգած է, եւ ասիկա ակներեւ է: Ըստ անոր, ուրիշ երեւոյթներէն կ՛երեւէր, որ այս ծուղակը արդէն պատրաստ է:

Ան նշեց, որ յստակ է նաեւ, որ իշխանութիւնը եւս ծուղակի մէջ կը գտնուի: Վ. Յովհաննիսեանի այս մեկնաբանութիւնը կը վերաբերի իշխանութիւն- Հայ ազգային քոնկրես նախանցեալ օրուան հանդիպման եւ մասնաւորաբար մինչեւ հիմա կատարուած յայտարարութիւններուն:

Հայ ազգային քոնկրեսը յայտարարած էր, որ երկխօսութիւնը շարունակելու հարցը կախուած է անցեալ շաբաթ ձերբակալուած քոնկրեսի անդամներու կարգավիճակէն: Մինչդեռ այս յայտարարութիւններէն ետք, հանդիպելով իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ, Հայ ազգային քոնկրեսը երկխօսութեան շարունակութեան մասին որոշում չտուաւ: Անոնք քննարկեցին միջադէպը եւ ձեռնպահ մնացին մեկնաբանութիւն կատարելէ:

Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ամէն ինչ արդէն յստակ է` «կողմերը ցանկութիւն չունին որեւէ հարց լուծելու, բացի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին իրարու միջեւ աթոռներ կիսելէ»:

«Ամէն ինչի հետ պատրաստ են համակերպելու` թէ՛ իրենց կողմնակիցները «խոշտանգելու» (չակերտներու մէջ կ՛ըսեմ, որովհետեւ չեմ գիտեր, եթէ ատիկա իրականութեան կը համապատասխանէ՞, թէ՞ ոչ), թէ՛ «ոչ օրինական պատգամաւորներու հետ բանակցելու», նշեց Վ. Յովհաննիսեան: Իսկ այս ծիրին մէջ, ըստ Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավարին, պէտք չէ զարմանալ, որ քոնկրեսը գիշերուան մը ընթացքին կրնայ «տրամագծօրէն հակառակ ուղղութեամբ փոխել իր տեսակէտը»:

Նախորդը

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԽԱՂԱՂ ՃԱՄԲՈՎ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՕՊԱՄԱՅԻ ԵՒ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՅԶԱ

Յաջորդը

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԱՒՍՏՐԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.