Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵԹԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԻ ՄԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻՆ, ԹՈՒՐՔԻԱ ԲՆԱԿԱՆԱԲԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՄՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

August 18, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տաւութօղլու եւ Ժաուտաթ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Պոլսոյ մէջ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ իրադարձութեանց յայտնեց, որ «առաջնահերթ հարցը այն է, որ արիւնահեղութիւնը պէտք է դադրի: Զինուորական գործողութիւնները պէտք է դադրին»: Ան մերժեց Սուրիոյ մէջ արտաքին որեւէ միջամտութիւն:

«Եթէ Սուրիոյ մէջ գործողութիւնները շարունակուին եւ շրջանային հարցի մը վերածուին, Թուրքիա բնականաբար անտարբեր չի կրնար մնալ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Սուրիոյ մէջ թրքական ապահովական գօտիի մը ստեղծման կարելիութեան մասին հարցումի մը` Տաւութօղլու յայտնեց, որ ներկայիս այդպիսի զարգացումի մասին կարելի չէ խօսիլ: «Մենք 900 քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանի մը մասին կը խօսինք: Ներկայիս այդպիսի զարգացումի մը մասին չենք կրնար խօսիլ»:

Թուրք պաշտօնատարներ երեքշաբթի օր հերքած էին այն լուրերը, թէ Անգարա սուրիացի գաղթականներու դէպի Թուրքիա հոսքը կանխարգիլելու համար կը պատրաստուի Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ իրենց կարգին «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Անգարա այդպիսի ծրագիր մը չունի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ «Թուրքիա միշտ սուրիացի ժողովուրդին կողքին է, եւ կ՛ուզենք վստահեցնել, թէ Թուրքիա կը հաւատայ, որ բարեկարգումները շրջանին մէջ կայունութիւն պիտի ապահովեն»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթ իր կարգին անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան մտահոգութիւն յայտնեց արձանագրուող շարունակական մագլցումին առնչութեամբ: Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնել` աւելցնելով, որ ուժի կիրարկումին փոխարէն պէտք է երկխօսութեան դիմել:

Ժաուտաթ յոյս յայտնեց, որ Սուրիա խաղաղ լուծումի մը հասնի եւ վերջ գտնէ ողբերգական կացութիւնը սուրիացի ժողովուրդին, որ ինք իր ճակատագիրը պիտի ճշդէ: Ան սուրիական իշխանութիւններէն պահանջեց բռնարարքներն ու արիւնահեղութիւնը անմիջապէս դադրեցնել:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երեքշաբթի օր սուրիական կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիան թիրախ դարձնող ծալքերն ու հեռանկարները բացայայտուած են` նշելով, որ կարգ մը երկիրներ կը դրդեն եւ իրականութիւնները այլափոխման կ՛ենթարկեն` բռնարարքները կասեցնելու պատրուակով Սուրիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու համար` անտեսելով այն իրողութիւնը, որ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն գործած ոճիրներն են սուրիական քաղաքներուն ու շրջաններուն մէջ արձանագրուող իրադարձութեանց տուն տուող պատճառները:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Իրան դիմադրութեան եւ մերժումի առանցքին մէջ իր դաշնակից սուրիական վարչակազմին ճակատագիրին նկատմամբ մտավախութիւն չունի»: Ան նշեց, որ Իրան բարեփոխումներու պահանջներուն դէմ չէ, սակայն ան որ բարեփոխում կը պահանջէ, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածին նման զէնք չի բարձրացներ:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի իրեն հետ Մոսկուա տարած է Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ հետ միացեալ նախաձեռնութեան մը ծրագիրը:

Միւս կողմէ, Թունուզ երէկ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութեանց համար տուն կանչեց:

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿՐԿՆԱՊԱՏԿՈՒԱԾ Է

Յաջորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԻՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՐՊԱՐՏՉԱԿԱՆ ՔԱՅԼԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ. ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՈՎ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.