Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թղթածրարին Փակման Պահանջներուն Լոյսին Տակ. Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Ճիւղաւորումի Սեմի՞ն

August 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապպաս Իպրահիմ
Ապպաս Իպրահիմ

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր Արսալի բարձունքներուն մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու հարցը հետզհետէ հրատապ խնդիրի բնոյթ կը ստանայ` նկատի ունենալով այս գծով «աւետիս»-ի մը երկարատեւ բացակայութիւնն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն յուսախաբութիւնը:

Արդարեւ, «Առանց ձեզի տօն չկայ» կարգախօսով նորագոյն քայլէն ետք առեւանգեալներէն Իպրահիմ Մղէյթի եղբայրը` Նիզամ երէկ յայտարարեց, որ ծնողները պիտի ստիպուին սաստկացնել իրենց քայլերը:

Այս գծով ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ այլեւս Ժապհաթ Նուսրայի հետ բանակցիլ չկայ, մինչեւ որ վերջինէս պատասխան կեցուածք հրապարակուի: Ան հաստատեց, որ պետութիւնը տրամադիր է գործադրելու առեւանգեալներու ազատ արձակման գծով իրմէ սպասուող քայլերը: Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, Իպրահիմ կը նախընտրէ ու վճռած է առեւանգեալ զինուորականները ազատ արձակել միասնաբար, «մէկ շունչով»:

Միւս կողմէ, կարգ մը աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ այս հարցը եւս ճիւղաւորուի` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող առեւանգեալներու գծով տարուող լուծման անջատ ճիգերու լոյսին տակ:

Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ բանագնացներու ճիգերը կեդրոնացած են Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող առեւանգեալներու ազատ արձակման վրայ, անդին շուրջ վեց ամիսներէ ի վեր կապերը խզուած են ՏԱՀԵՇ-ի հետ եւ ցարդ ոչ մէկ նորութիւն կայ անոր մօտ առեւանգուած զինուորականներու ճակատագիրին գծով: Նոյնիսկ յայտնի չէ, թէ անոնք տակաւին ո՞ղջ են, թէ՞ մեռած:

Այս գծով «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը` Իպրահիմի մօտիկ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, կը նշէ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւնները առկախուած են նոյնինքն ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին մէջ տիրող տարակարծութեանց պատճառով:

Իսկ «Շարք Աուսաթ» թերթը հաւանական նկատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ առեւանգուած զինուորականներու ազատ արձակման ճիգերը մօտերս կրնան «շարժիլ»: Ըստ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւնները առկախուած էին Ռումիէի բանտին մէջ պատահած դէպքերուն պատճառով: Ըստ անոր, ներկայիս աշխատանք կը տարուի վերակենդանացնելու այդ ճիգերը:

 

 

 

Նախորդը

Նախարար Ապու Ֆաուր Ահազանգ Կը Հնչեցնէ. Աղբակոյտերու Հարցը Կարմիր Գիծ Կը Թեւակոխէ

Յաջորդը

Տագնապներու Շարունակման Լոյսին Տակ. Հայեացքները Սեւեռած Են Կառավարութեան Վաղուան Նիստին, Մինչ Ճիգերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.