Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Առաջին Տեղակալին. Ուաշինկթըն Պիտի Օգնէ Ղարաբաղեան Գօտիին Մէջ Զինադադարի Պահպանման

August 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դաւիթ Տօնոյեան
Դաւիթ Տօնոյեան

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ հետաքրքրուած են ղարաբաղեան տագնապի շրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումով եւ պատրաստ են աջակցելու` համապատասխան կանխարգիլման մեքանիզմներու ներդրումով:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան Ուաշինկթընի մէջ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք «Ամերիկայի ձայն»-ին պատմած է, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն մէջ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի պահպանման միջոցներու ուժեղացումը: «Բանակցութիւններուն ընթացքին` թէ՛ Փենթակոնի եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կար միացեալ կարծիք, որ անհրաժեշտ է ուժեղացնել բոլոր միջոցները, որոնք կրնան ըլլալ կանխարգելիչ` իրավիճակը զինուորական ուղիով տանելու տեսանկիւնէն»:

Կանխարգիլման հաւանական միջոցներուն շարքին Տօնոյեան նշած է միջազգային դէտերուն սահմանային միջադէպերու հետաքննութիւն իրականացնելու լիազօրութեան շնորհումը, ինչ որ թոյլ պիտի տայ կանխարգիլելու զինադադարի խախտումները, պատժելու մեղաւորները եւ թերեւս նաեւ կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու:

Այլ մեքանիզմ մը կը հանդիսանայ զօրքերու շփման գիծին վրայ միջազգային դէտերու հովանիին տակ հսկող եւ շարժումներ որսացող համակարգերու տեղադրումը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ հասցէագրելու զինադադարի խախտման իւրաքանչիւր դէպք: «Ատիկա շատ լուրջ կանխարգելիչ միջոց է, շատ լուրջ, բան մը ընելէ առաջ պիտի մտածեն, ընե՞ն, թէ՞ չընեն», նշած է Տօնոյեան:

Հայաստան պիտի համագործակցի պաշտպանութեան մարզի բարեփոխումներ կատարելու եւ հայ խաղաղապահներու աշխատանքը ապահովելու մարզերուն մէջ: Ներկայիս հայ զինուորները խաղաղապահի դերակատարութիւն ստանձնած են Աֆղանիստանի, Քոսովոյի եւ Լիբանանի մէջ, իսկ շուտով կրնան մեկնիլ նաեւ Մալի: «Ե՛ւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, ե՛ւ Փենթակոնի մէջ շատ բարձր կը գնահատեն մեր խաղաղապահներուն որակները», ընդգծած է փոխնախարարը:

Հայաստան նաեւ յայտնած է ՄԱԿ-ի հովանիին տակ խաղաղապահ գործողութիւններ կատարող մասնագիտացուած ուժեր տրամադրելու մասին իր պատրաստակամութիւնը:

«Ատիկա մեր տեղակայելիք դաշտային հիւանդանոցն է իր անձնակազմով, ատիկա ճարտարապետական կարողութիւններն են, ականազերծողներն են», ըսած է Տօնոյեան: Անդրադառնալով զինուորական մարզին մէջ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան եւ հայ-ռուսական սերտ յարաբերութիւններուն` պաշտպանութեան փոխնախարարը ընդգծած է, որ այդ հարցին մէջ որեւէ հակասութիւն չկայ, եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ համագործակցութիւնը Հայաստանի անվտանգութեան բաղադրամասերէն մէկն է:

«Ամերիկայի հետ համագործակցութիւնը կը փոխլրացնէ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը` ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդման», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Միլզ. «Կ՛ամրապնդենք Մեր Կապերը Հայաստանի Օրէնսդիր Կառոյցի Հետ»

Յաջորդը

Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.