Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլացի Բնակեցուածներ Այսրյորդանանի Մէջ Նորածին Մը Ողջակիզեցին

August 1, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_west-bank

Երկու տարեկան պաղեստինցի նորածին մը սպաննուեցաւ, երբ Այսրյորդանանի Նապլուս շրջանին մէջ իր ընտանիքին բնակարանը հրկիզուեցաւ հրեայ բնակեցուածներու կողմէ:

Իսրայէլեան բանակը անմիջապէս ամրապնդեց Այսրյորդանանի մէջ իր միջոցառումները: Նորածինին ծնողքը եւ չորս տարեկան եղբայրը երրորդ աստիճանի այրուածքներ ստացած են եւ անոնց վիճակը ծանր է:

18 ամսու Ալի Տաուապշէի յուղարկաւորութենէն անմիջապէս ետք, պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումներ ընթացք առին:

Իսրայէլացի բնակեցուածները իրենց հրկիզած տան պատերուն վրայ գրած են արաբներէն վրէժ լուծելու ակնարկող ցեղապաշտական գրութիւններ, ապա քոքթել մոլոթովներ նետած տան վրայ: Դէպքէն ետք, Տումա գիւղի բնակիչները հալածած են յանցագործ չորս բնակեցուածները եւ տեսած, որ անոնք մուտք կը գործեն Մաալի Էֆրայիմ բնակեցման վայր:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու դէպքը կոչեց «ոճրային ու ահաբեկչական արարք մը»:

Պաղեստինեան իշխանութիւնը անմիջապէս գումարեց արտակարգ նիստ մը, որմէ ետք Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց. «Բնակեցուածներու ոճիրներուն նկատմամբ երբեք լուռ պիտի չմնանք: Միջազգային քրէական դատարան պիտի դիմենք, եւ շուտով այլ կեցուածք մը պիտի յայտարարենք»:

«Նորածինի ողջակիզման ոճիրը պատերազմական ոճիր է, միեւնոյն ատեն մարդկութեան դէմ ոճիր», ըսաւ Ապպաս` աւելցնելով. «Կը պատրաստենք նորածինին ողջակիզման եւ անոր նախորդող ոճիրներու թղթածրարը` զայն անմիջապէս փոխանցելու համար Միջազգային քրէական դատարանին»:

Ան Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց դէպքին վերաբերեալ իրենց տեսակէտը յայտնել:

Սպիտակ տունը պաղեստինցի նորածինին ողջակիզումը նկատեց «ահաբեկչական, վայրագ արարք մը»:

Մինչ այդ, իսրայէլացի բնակեցուած մը վրայերթի ենթարկեց պաղեստինցի մը, որ նամազ կատարելէ ետք Պապ Ամուտի ճամբով դուրս կ՛ելլէր Աքսայի մզկիթէն: Այլ դէպքի մը ընթացքին, պաղեստինցիներ Երիքովի եւ Երուսաղէմի միջեւ Խան Ահմարի մէջ կրակ բացին բնակեցուածներու ինքնաշարժի մը ուղղութեամբ` առանց վնասներ պատճառելու:

Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց բնակեցուածներու արարքին նկատմամբ աչք չփակելու:

Նախորդը

«Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Եւ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան Միջեւ Կառավարութեան Ձեւաւորման Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Վերսկսին» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Յաջորդը

Թարեք Մալլահ Եւ Իր Ընկերակիցը Ազատ Արձակուեցան

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.