Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Առաջնահերթութիւնն Ու Առաջնահերթ Առաջնահերթութիւնը

July 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

7-29-15_vaho

Մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ Թուրքիոյ շղթայազերծած զինուորական վերջին արշաւի երեւոյթին ու դրդապատճառներուն անդրադարձած էինք` զանոնք դիտելով արտաքին քաղաքականութեան պրիսմակէն, ինչ որ խորքին մէջ մետալին մէկ երեսն է միայն: Միւս երեսը կը վերաբերի Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան:

Յստակ է, որ թրքական բանակի հարուածները կեդրոնացած են ՔԱԿ-ի եւ ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւս 28 յուլիսին Չինաստան մեկնելէ առաջ իր կատարած յայտարարութեամբ յստակ դարձուց, որ իր ուշադրութեան կեդրոնը քիւրտերն են եւ ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ը: Այս բոլորը մտածել կու տան, թէ շղթայազերծուած զինուորաքաղաքական արշաւին գլխաւոր նպատակը յաչս թրքական հասարակութեան քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (ԺԺԿ) վարկաբեկելն ու քիւրտ գործիչներու քաղաքական չէզոքացումն է, որպէսզի անոնք հաւանական արտակարգ խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին չկարենան վերստին հասնիլ 7 յուլիսի յաջողութեան, ինչ որ իշխող կուսակցութեան պիտի արտօնէ խորհրդարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն դառնալով Էրտողանը օծել սուլթան:

Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (ԱՇԿ) օժանդակութեամբ իշխող կուսակցութեան թեկնածուի խորհրդարանի նախագահ ընտրութենէն եւ ԱՇԿ-ի` համախոհական կառավարութեան մը մաս կազմելու մերժումով կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն (ԱԲԿ)-Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն (ՀԺԿ) բանակցութեանց տարազով անելի մը ստեղծումէն ետք, Էրտողան 28 յուլիսի իր յայտարարութեամբ նաեւ յաւելեալ փաստ մը տուաւ կանխահաս ընտրութիւններու անխուսափելիութիւնը ապահովելու համար ԱՇԿ-ի հետ իր լռելեայն գործակցութեան մասին, երբ անուղղակի կերպով աջակցութիւն արտայայտեց Գերագոյն դատարանի գլխաւոր դատախազին մօտ նշեալ կուսակցութեան մէկ օր առաջ ներկայացուցած դիմումին, որ կրնայ քրտական կուսակցութեան փակման առաջնորդել: Ան նշեց, որ թէեւ սկզբունքով կուսակցութիւններու փակման դէմ է, սակայն ԺԺԿ-ի երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը պէտք է վերցուի, որպէսզի անոնք դատարանին առջեւ պատասխան տան «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ իրենց կապերուն» առնչութեամբ:

Թուրքիոյ արեւմուտքցի դաշնակիցները թէեւ աջակցութիւն յայտնեցին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դէմ անոր զինուորական արշաւին, սակայն միեւնոյն ժամանակ քրտական հարցի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը ընդգծեցին: Այլ խօսքով` տողատակի յայտնեցին, որ քիւրտերուն դէմ զինուորական գործողութիւնները չեն առաջնորդեր այդ նպատակի իրագործման, այլ` կողմերու դիրքորոշումներուն կարծրացման: Էրտողան քաջ գիտէ այդ մէկը, ահա թէ ինչու քրտական հարցով խաղաղութեան հոլովոյթին շարունակումը նկատեց անկարելի: Ներքաղաքական գետնի վրայ քիւրտերու չէզոքացումը կրնայ խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան մեծամասնութիւն ապահովել, սակայն քրտական հարցին լուծման համար  կենսական եղող յուսալի զրուցակիցէ մը զրկել իշխող կուսակցութիւնը:

Շղթայազերծուած զինուորաքաղաքական արշաւը յստակ կը դարձնէ, որ թէեւ քրտական հարցին լուծումը ԱԲԿ-ի համար առաջնահերթութիւն մըն է, սակայն  նախագահական համակարգի ապահովումը` առաջնահերթ առաջնահերթութիւնն է, որուն ապահովումը, սակայն, ի շահ Էրտողանին է եւ ի վնաս անոր ղեկավարած երկրին:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ 106-Րդ Լսարան. Դոկտ. Արա Սանճեան Ներկայացուց «Պատմութեան Փոխուող Մեկնաբանութիւնները. Օրինակներ Հայոց Անցեալէն» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.